Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Թրքական Կուսակցութիւնը Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Իր Ծրագիրը
Թուրքիոյ մէջ մէկ տարի առաջ ստեղծուած, Հայոց ցեղասպանութիւնը իր ծրագիրին մէջ ճանչցած Կանաչներու եւ ապագայի ձախ կուսակցութիւնը անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան տեղի ունեցած իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին հրապարակած է ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախատեսուած իր ծրագիրներն ու քայլերը:
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական «Թի24» անկախ լրատուական թերթը, կը հաղորդէ, որ ընդհանուր ժողովի ընթացքին կուսակցութեան բոլոր անդամներուն համաձայնութեամբ որդեգրուած որոշումին մէջ կ՛ըսուի, որ 2015-ի նախօրեակին Կանաչներու եւ ապագայի ձախ կուսակցութիւնը իր ամբողջ ջանքը պիտի գործադրէ ցեղասպանութեան 100-ամեակը հասարակութեան ըմբռնելի դարձնելու համար, Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Թուրքիայէն արտաքսուած կամ ջարդերու ժամանակ վնասներ կրած հայերուն դէմ իրագործուած անարդարութիւնները վերցնելու համար քաղաքականութիւն զարգացնելու ուղղութեամբ:
«Հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած կոտորածին ցեղասպանութիւն ըլլալը խիղճ ունեցող որեւէ մարդու համար այլեւս քննարկելի նիւթ չէ: Բացի մեր կուսակցութենէն, այդ իրադարձութիւնը ցեղասպանութիւն անուանած են Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ քաղաքական շրջանակներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ: Կուսակցութիւնը զբաղած է իրադարձութեան լուծում գտնելու համար քաղաքական գիծ մշակելով», կը նշուի կուսակցութեան որդեգրած որոշումին մէջ:
Կը նշուի, որ կուսակցութիւնը իր գործունէութեան հետամուտ պիտի ըլլայ հասարակութեան հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնելու` իւրաքանչիւրին ստիպելով ինքնիրեն հարց տալ. «Մեր հայերը 1915-ին ի՞նչ կ՛ընէին» կորսուած կալուածները ժառանգորդներուն վերադարձնելու, փոխհատուցման պահանջները կատարելու, պետական արխիւները բանալու, թափուի փաստաթուղթերը թափանցիկ դարձնելու, հայ-թրքական սահմանը բանալու, այս երկրէն հարկադրաբար հեռացուած հայերու երեխաներուն կրկնակի քաղաքացիութեան իրաւունք վերապահելու, մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու իրաւունք ապահովելու, ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ գործունէութենէն հրաժարեցնել տալու, վերադառնալ ուզող հայերուն թոյլատրելու, Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար աշխատող հայերուն աշխատանքի եւ կրթութեան իրաւունքը ճանչնալու հարցերուն մէջ:
Կուսակցութիւնը կը յիշեցնէ, որ «վէրքերը փոխադարձաբար կը սպիանան այն ժամանակ, երբ ոչ թէ զոհերը, այլ յանցագործները կը սկսին խօսիլ»:

