Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Հայ Դատը Այսօր» 10-րդ Խորհրդաժողովը
Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ` 5 եւ 6 դեկտեմբերին «Ալիք» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ դատը այսօր» 10-րդ յոբելենական խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը սկսաւ տասնամեակի մասին պատմող կարճ ժապաւէնով մը:
Մասնակից զեկուցաբերները, որոնք ժամանած էին Եւրոպայէն, Հայաստանէն, հայրենի Ջաւախքէն ու Արցախէն, իրենց իրանահայ գործընկերներուն հետ համաժողովի առաջին օրը անդրադարձան այս օրերուն Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան հասկացողութիւններուն:
Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու հոգեւոր առաջնորդներ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Բաբգէն եպս. Չարեան ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսքերու ընդմէջէն վստահեցուցին, որ այսօր ալ հայ եկեղեցին կանգնած է Հայ դատի եւ հայոց պահանջատիրութեան կողքին:
Ապա Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ներկայացուց «Հայ դատը, պահանջատիրութիւնը եւ հայոց եկեղեցին» նիւթով իր զեկուցումը:
Հայ դատի խնդիրներու եւ պահանջատիրութեան հետ կապուած Հայաստանի պաշտօնական տեսակէտը փոխանցեց Իրանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեան:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայ դատը եւ պահանջատիրութիւնը` մշակոյթի եւ արուեստի լեզուով համաշխարհային հանրութեան ներկայացնելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը աւելի ճանաչելի դարձնելու խնդիրներուն, ընդգծուեցաւ յատկապէս հայկական հարցը աւելի ժամանակակից եւ մատչելի ձեւով, յատկապէս` շարժանկարով մատուցելու արդիւնաւէտութիւնը:
Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքային զեկուցումը, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան` Եւրոպայի գրասենեակի զեկուցումը, իսկ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբի փոխնախագահ Արամ Շահնազարեան` Թեհրանի Հայ դատի աշխատանքային զեկուցումը:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները քննարկման առնելով Հայ դատի ծիրին մէջ արծարծեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, Ջաւախքի, Թուրքիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ յատկապէս Իրանի հետ կապուած խնդիրներ, անդրադարձ կատարուեցաւ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ կապուած շրջանային հաւանական վերադասաւորումներուն:
Աշխատանքներու վերջին բաժինին մէջ քննարկուեցան զանգուածային լրատուամիջոցներուն վրայ Հայ դատի քարոզչութեան (Հայաստան) եւ հակաքարոզչութեան (Ազրպէյճան, Թուրքիա) հաւանական ազդեցութիւնները:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները եզրափակեց քննարկելով Երիտասարդութեան դերը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին» նիւթը:
Հայ դատի յանձնախումբի ամփոփիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ փոխնախագահ Արամ Շահնազարեան, որուն խօսքի աւարտին յանձնախումբի նախագահ Յովսէփ Աւետեան յուշանուէր յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին` այս տասնամեակին խորհրդաժողովին անոր անմնացորդ աջակցութեան եւ մասնակցութեան համար:

