Ըստ «Հապեր7»-ի. Տաւութօղլու Հայաստանի Պիտի Առաջարկէ Դուրս Գալ Լեռնային Ղարաբաղի Ազատագրուած Առնուազն 2 Շրջանէ, Որուն Փոխարէն Թուրքիա Պիտի Բանայ Սահմանը

Davutoglu9122013Թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, երկրի արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի միջոցով, Հայաստանին նոր առաջարկ պիտի ներկայացնէ:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը Հայաստանին պիտի առաջարկէ դուրս գալ Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրուած 7 շրջաններէն առնուազն երկուքէն` ատոր փոխարէն առաջարկելով բանալ Հայաստանի հետ սահմանը:

Տաւութօղլու Երեւան պիտի այցելէ հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին` Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով:

Կ՛ակնկալուի, որ Երեւան այցելութեան ընթացքին ան հանդիպում ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Տաւութօղլու նոր առաջարկով Երեւան մեկնելու որոշում տուաւ վերջերս Վիեննայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւններէն ետք:

Նշեալ հանդիպումը իբրեւ յարմար առիթ նկատող Անգարան խնդիրին լուծման համար միջնորդութիւն կատարելու որոշում տուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES