Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Համաշխարհային Մտաւոր Խաղերուն
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 12-18 դեկտեմբերին Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ համաշխարհային մտաւոր խաղերու ծրագիրով տեղի ունենալիք ճատրակի մրցումներուն` արագ, կայծակնային եւ պասքեան համակարգի ձեւաչափերով:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Քարժաքին, Կրիսչուք, Մամետեարով, Տոմենկես, Փոնոմարիով, Ռաճապով, Լէ Քուանկ Լիեմ, Ուանկ Հաօ, Ուանկ Եուէ, Նեփոմնիաչի, Վաշիէ-Լակրաւ, Քամսքի, Լեքօ, Իվանչուք եւ Կիրի:
CATEGORIES Մարզական