Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան – Քաթար

01-trainingԻնչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան անունները այն խումբերուն, որոնք պիտի ապահովեն 2014-ին տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:

Լիբանանի ազգային խումբը, որ իր կատարած առաջին մրցումին 4-3 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի, այսօր առաւօտեան ժամը 9:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը մրցի Քաթարի դէմ:

Այսօրուան այս մրցումին յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, մայրիներու կազմը կրնայ կանուխ ապահովել Ասիոյ աւարտականներուն իր տոմսը: Աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան Վիեթնամի մէջ:

Երէկ Լիբանանի խումբը կատարեց իր վերջին փորձերը` լաւապէս պատրաստուելու համար Քաթարի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )