Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքին մէջ կրնաք աւելի խորանալ եւ ստանալ ապահով արդիւնք: Ուրեմն իրագործեցէք ձեր որոշած ծրագիրները, պիտի յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ինչ գործ որ ծրագրած էք այսօրուան համար, վաղուան մի՛ ձգէք, որովհետեւ վաղուան համար ունիք տարբեր աշխատանքներ, գործօն եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր կրնաք ապաւինիլ բարեկամութեան, որ պիտի ունենայ գործնական ազդեցութիւն: Ուրախ մնացէք եւ վստահեցէք ուրիշներուն խօսքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործին մէջ դէպի ետեւ քայլ մը պիտի ունենաք, որովհետեւ մէկը պիտի խանգարէ ձեր ընթացքը: Շրջահայեաց եղէք ամէն պարագայի: Զգուշ եղէք, ուր որ ալ գտնուիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին: Եթէ ոեւէ մէկը ձեզի խորհուրդ մը տայ, վստահեցէք, որովհետեւ ճիշդ է ըսածը: Օրը ունի հետաքրքրական պահեր:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադիր եղէք, ոչ ինքնամոռաց, այլ կեդրոնացած մնացէք ձեր գործին: Ասկէ անկէ լսուածներու մի՛ հաւատաք, մնացէք ձեր սկզբունքին հաւատարիմ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անկեղծ եղէք ձեր մէկ գործակիցին նկատմամբ. բարձրութեան վրայ չի կրնար մնալ: Անկեղծ եղէք, բայց` ոչ յարձակողական:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կարգադրէք օրուան համար ձեր որոշած ծրագիրները: Օրը պիտի ընթանայ ըստ ձեր փափաքին, եւ կրնաք յաջողութեամբ աւարտել ամէն հարց:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրային հանդիպում մը հաւանական է, պիտի կարենաք հմայել ձեր սիրած անձը: Ուշադիր եղէք, այսուհանդերձ, չափազանցութիւններէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ընտանիքին հետ վէճ մը կրնաք ունենալ: Ուշադիր եղէք, յարձակունակ մի՛ ըլլաք, այլ մեղմութեամբ վարուեցէք եւ հանդարտ եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը պիտի անցընէք դրացիներով կամ ձեզի մօտիկ անձերով: Մնացէք հանդուրժող ամէն պարագայի: Օրը ունի հետաքրքրական պատահարներ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործին մէջ անհրաժեշտ անձը պիտի նկատուիք, հետեւաբար պիտի ունենաք յաջող օր մը աշխատանքի առումով: Գործօն դեր կրնաք ստանձնել: