50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1963)

Փոթորիկին Վնասները Լիբանանի Մէջ

Քամին Խանգարեց Օդակայանին
Եւ Նաւահանգիստին Երթեւեկը

Դամասկոսի Ճամբան Փակուեցաւ

Ձիւն, կարկուտ, անձրեւ, փոթորիկ եւ քամի. քանի մը օրէ ի վեր բնութիւնը ոչ մէկ բան պակաս թողուց Լիբանանի մէջ:

Անձրեւէն ետք, երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշեր ահաւոր ուժգնութեամբ հով մը բարձրացաւ: Երէկ առտու ժամը 6:00-ին Խալտէի օդակայանին մէջ հովին արագութիւնը հասաւ ժամական 200 քիլոմեթրի:

Հովը կարեւոր վնասներ հասցուց Պէյրութի եւ ամբողջ երկրին մէջ: Փարոսի պողոտային վրայ բազմաթիւ ծառեր արմատախիլ եղան: Պուրճի հրապարակին վրայ արմաւենի մը տապալեցաւ ոստիկան-զօրաց բեռնատարի մը վրայ, որ կանգ առած էր: Ծովեզերեայ բոլոր շրջաններուն մէջ վնասի ենթարկուեցան ցանքերը:

Խալտէի օդակայանին մէջ օդանաւերու երթեւեկը թեթեւօրէն խանգարուեցաւ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշեր: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ նաւերու մուտքն ու ելքը կանգ առաւ:

Տահր Պայտարի Ճամբան Փակուեցաւ

Լեռնային շրջաններու մէջ ձիւնեց 700 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: Տահր Պայտարի ճամբան փակուեցաւ երէկ առտու ժամը 9:00-էն ասդին, 20 սմ. թանձրութեամբ ձիւնի խաւով մը: Երէկ կէսօրէ ետք տեղացած կարկուտը հաւանաբար այսօր ուշացնէ ճամբուն բացման գործողութիւնները:

Գէշ օդին պատճառով հեռաձայնային միջազգային եւ միջքաղաքային հաղորդակցութիւնները ընդհատուեցան, յատկապէս` Հալէպի, Քսարայի, Ռայաքի, Մաշղարայի եւ հարաւային Լիբանանի ամբողջ շրջանին հետ, բացի Սայտայէն:

Երթեւեկը արգիլուեցաւ Փաշայի կամուրջին վրայ, որ ողողուեցաւ Պէյրութի գետին ջուրերով:

Այժմու գէշ օդին պատճառն է Ռուսիայէն եկող ցուրտի ալիքը: Օդաչափին համաձայն, այսօր զգալի բարելաւում մը պիտի արձանագրուի: Բայց ջերմութեան նուազագոյն աստիճանը, որ երէկ 9-ն էր Պէյրութի մէջ, աւելի եւս պիտի իջնէ:

ՀՄԸՄ-ի Հայաշէնի Սկաուտներու Հանդէսը

Կիրակի, 1 դեկտեմբեր 1963-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազատամարտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաշէնի սկաուտական կազմին հանդէսը` հովանաւորութեամբ Պետրոս աբղ. Պէրպէրեանի եւ նախագահութեամբ Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանի:

Շրջանի սկաուտապետ Ֆրանսուա Գարայեան բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահը` բացման խօսքը կատարելու:

Յարգելի նախագահը, որ տարիներ շարունակ եղած է այս գեղեցիկ շարժումին գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը, իր գեղեցիկ ճառին մէջ, յատկապէս շեշտը դնելով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին վրայ, ըսաւ.

«Մարդկային բարձր առաքինութեանց անսպառ աղբիւր` տարաբախտ մեր մեծ հայրապետ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը, իբրեւ ականատես վկան ՀՄԸՄ-ի յիսնամեայ տքնումներուն, հայ կեանքին մէջ պատահած հրաշքներէն մէկն էր դատած ՀՄԸՄ-ի ծնունդը: Կ՛արժէ ուրեմն, որ ներկայ առիթով վերյիշենք, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններու հարկադրանքով կեանք ստացաւ վեհափառական բարձր գնահատումով հրաշքի համազօր այն հզօր կազմակերպութիւնը, որ ՀՄԸՄ-ն է, որուն բարձր առաքելութիւնը պիտի ըլլար ամբողջ կէս դար, իբրեւ լուսաշող փարոս հայոց մութ երկնակամարին, իր պայծառ ճառագայթներով առաջնորդել անվստահ քայլերը հայ երիտասարդ եւ պատանի բազմութիւններուն` դէպի լուսաւոր ապագան»:

Ապա ամփոփ պատմականը ըրաւ ՀՄԸՄ-ի եւ խօսքը նորընծայ սկաուտներուն ուղղելով` շարունակեց.

«Իմ պատուական կրտսեր եղբայրներ, դուք քիչ յետոյ ձեր պատուոյ երդումով պիտի դառնաք անդամները ՀՄԸՄ-ին, որ ձեզի կը պարտադրէ խիստ կարգապահութիւն, բացարձակ հնազանդութիւն, փոխադարձ սէր եւ վստահութիւն, այլ եւ մանաւանդ` անձնուրաց զոհաբերում: Գիտցէք, որ անոնցմով է պայմանաւորուած ձեր պանծալի միութեան բարգաւաճումը եւ անոր իտէալին յաղթանակը: Ձեր պարտականութեան լրիւ գիտակցութեամբ, լիբանանեան հայրենիքի պարկեշտ եւ օրինապահ քաղաքացիութեամբ եւ իրաւ հայու բաբախուն ձեր սրտերէն թելադրուած յաւիտենական Հայաստանի հանդէպ զոհաբերումի ձեր պատրաստակամութեամբ պիտի հաստատէք, թէ հարազատ եւ արժանի անդամները եղաք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ հաւատարիմ սկաուտական սրբազան դաւանանքին եւ արի դրօշակակիրները` «Բարձրացիր եւ բարձրացուր» գեղիմաստ նշանաբանին»:

Յարգելի բանախօսը իր խօսքը վերջացուց` հանդէսը բացուած յայտարարելով: Ապա շատ յաջող անակնկալներ եւ բուրգեր ըրին գայլիկներն ու սկաուտները, որոնք նաեւ ներկայացուցին շատ յաջող ներկայացում մը` ուղղակի սկաուտական կեանքը ներկայացնող, այն շրջանէն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան հրաւէրով ՀՄԸՄ-ական խմբապետներ 1920-ին Հայաստան մեկնեցան եւ նուիրուեցան պատանեկան շարքերը կազմակերպելու վսեմ աշխատանքին:

Հանդէսի լրումին տեղի ունեցաւ նորընծաներու նուիրական երդման արարողութիւնը` կնքահայրութեամբ օրուան հովանաւոր հայր սուրբին, որ իր հերթին խօսք առնելով` վերյիշեց իր մանկութիւնը: Շատ փոքր տարիքէն, հօրը առաջնորդութեամբ, մտած է ՀՄԸՄ-ի շարքերը ու հոն մնացած` մինչեւ այն օրը, երբ կուսակրօն դարձած է: Պետրոս աբեղան սքանչելիօրէն ներկայացուց իր հոգեկան ապրումները այն շրջանին, երբ եղած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, եւ որուն կը պարտի առաւելաբար դէպի կրօնական աշխարհ իր մուտքը: Ապա խօսքը նորընծաներուն ուղղելով` թելադրեց սիրել սկաուտութիւնը, ապրիլ պատանեկան այս շարժումին հետ, որովհետեւ ամենամօտ ճամբան է մեր հայրենասիրութեան եւ կրօնին:

Հայաշէնի սկաուտական կազմի այս եղանակի առաջին հրապարակային ելոյթն էր այս, ու անվարան կրնանք ըսել, որ պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ:

ՍԿԱՈՒՏ

 

Share this Article
CATEGORIES