«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին Փառահեղ Յուղարկաւորութիւնն Ու Թաղումը – Ա.-

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Catholicos-Zareh-I-1956-1963Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոս, եօթը տարուան կարճատեւ գահակալութենէ ետք, տակաւին երիտասարդ տարիքին վախճանեցաւ 18 փետրուար 1963-ին, խոր սուգի մատնելով Կիլիկեան դարաւոր աթոռն ու համայն հայութիւնը:

Սիրուած եւ յարգուած հովուապետին յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը, ընդհանուր յուզումի եւ յորդաբուխ արցունքներու մէջ, վերածուեցաւ համազգային սուգի: Պետական եւ քաղաքական բազմաթիւ դէմքեր եւ պետութիւններ մասնակից եղան հայութեան սուգին:

«Ազդակ» 1963 փետրուար 20-էն  25-ի թիւերով լայնօրէն անդրադարձած է երջանկայիշատակ հայրապետի վախճանման, յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւններուն, զորս համադրելով կը ներկայացնենք:

***

Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետը ի Տէր հանգեաւ երկուշաբթի, 18 փետրուար 1963-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, սրտի ծանր տագնապի հետեւանքով:

Վեհափառ հայրապետին մահուան բօթը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ Պէյրութի մէջ, անմխիթար սուգի մատնելով հաւատացեալ հայ ժողովուրդը, որ երկու օր շարունակ կ՛աղօթէր վեհափառին ապաքինման համար:

Երեքշաբթի, 19 փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախագահութեամբ Խորէն արք. Բարոյեանի, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Սուրէն արք. Քէմհաճեանի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի, միաբան հայրերու եւ քահանայ հայրերու, ներկայութեամբ պետական չորս հայ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն, հանգուցեալ վեհափառ Զարեհ Ա.ի դագաղը, ինքնաշարժներու թափօրով, առաջնորդութեամբ մոթոսիքլիստ ոստիկաններու, Ամերիկեան հիւանդանոցէն փոխադրուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցի:

Եկեղեցւոյ զանգակին սգաբոյր ղօղանջը շուտով լեցուցած էր եկեղեցին եւ բակը, բազմահազար հաւատացեալներով:

Դագաղը միաբան հայրերու եւ երեւելի ազգայիններու կողմէ ձեռամբարձ եկեղեցի տարուեցաւ` դպրեվանքի սաներու եւ սարկաւագներու կազմած շարքերուն մէջէն, մինչ երկշարք ոստիկանական ջոկատ մը պատուի կեցաւ:

Գրիչը անզօր է նկարագրելու ժողովուրդին յուզումը: Կու լային բոլորն ալ:

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ու հանդիսաւոր արարողութիւն: Ապա, Խորէն սրբազան հակիրճ դամբանական մը խօսեցաւ:

«Մեր բոլորին սրտերը յուզուած են ու արցունք կայ բոլորիս աչքերուն մէջ: Մեր աննման սիրեցեալ հայրապետ Զարեհ Ա. կաթողիկոս ի Տէր հանգեաւ:

«Կարգադրեցինք որ այսօր հանգուցեալ հայրապետին դագաղը փոխադրուի Ս. Նշան Մայր եկեղեցի, եւ քիչ վերջ հայրապետական շքեղ հանդերձանքով պիտի զգեստաւորուի: Քահանայ հայրեր եւ միաբան վարդապետներ հերթով պիտի հսկեն եւ հաւատացեալ ժողովուրդը առիթ պիտի ունենայ իր վերջին յարգանքը մատուցանելու հանգուցեալ վեհին:

«Թող Տէրը անսասան պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Էջմիածնի Ս. աթոռները, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւնները եւ թեմական առաջնորդարանները, որպէսզի հայ ժողովուրդը անոնց հովանիին տակ խաղաղ ու բարգաւաճ ապրի:

«Աղօթենք, որ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս մեր երանաշնորհ հայրապետին մաքուր հոգին արժանի ընէ արքայութեան»:

Վեհափառ հայրապետի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութեանց կարգադրութիւնները շարունակուեցան պատկան մարմիններու հսկողութեան տակ:

Մինչ այդ, սկսան հասնիլ Կիլիկեան թեմերու առաջնորդներն ու պատգամաւորները, պաշտօնապէս մասնակցելու յուղարկաւորութեան:

***

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, Զարեհ վեհափառին վախճանման գոյժը հաղորդելով կը նշէր.

Catholicos-Zareh-I_2«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնս, Կիլիկեան թեմերու սրբազան առաջնորդներս եւ Ազգային վարչութեանց ժողովական անդամներս կսկծալից վիշտով եւ սրտի ծանր ճմլումով կը հաղորդենք վախճանումի դառնագոյն գոյժը մեր թանկագին, անփոխարինելի ու պաշտելի հայրապետին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին լուսապսակ գահակալին` Զարեհ Ա. կաթողիկոսի, որ ի Տէր հանգեաւ այսօր, 18 փետրուար, երկուշաբթի առաւօտ ժամը 11:00-ին, քաղաքիս Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ սրտի ծանրագոյն կաթուածի մը հետեւանքով:

Խոր, աննկարագրելի, անպատմելի սուգի ենք մատնուած բոլորս անխտիր: Մեր սրտերը խռովքի ու տառապանքի ծով են դարձած: Մեր լեզուներն են կարկամած, կորուստը, որու ենթարկուեցանք համագաղութային, համահայկական նկարագիր եւ տարողութիւն ունի: Ոչ միայն կորուստ է մեր ազգին մէն մի զաւակին եւ ազգային ամբողջութեան համար, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ ի մասնաւորի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ արաբ ազնիւ ժողովուրդին համար: Այնքան խոր էր, բոլորին սէրը իր անձին հանդէպ, այնքան մեծ էր իր անձը որպէս քրիստոնեայ հոգեւորական մարդ, ազգային առաջնորդող դէմք ու ժողովուրդի սիրտերուն բնակիչ, որ իր յանկարծական այս անհետացումը անհասկնալի, անբացատրելի է ու երազային կը թուի ըլլալ:

Մտածե՜լ որ ոչ եւս է Աւետարանին հաւատաւոր պաշտօնեան, Աստուծոյ անձնուէր ծառան, ժողովուրդին անձնդիր հովիւը, որ իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ քրիստոնէական մաքրամաքուր սկզբունքներով, սիրոյ ու բարութեան մագնիսական ուժի փոխակերպելով իր անձը եւ ներշնչման ճառագայթներ սփռելով իր շուրջը…:

Մտածե՜լ… որ ոչ եւս է քրիստոնէական ճշմարտութեանց համարձակախօս քարոզիչը, որ տարիներով Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բեմէն ուժգին բառերով հնչեցուց Աւետարանական պատգամները ի լուր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հաւատացեալ զաւակներուն…:

Մտածե՜լ… որ ոչ եւս է հայ եւ օտար հազարաւոր մարդերու անձնական խոր բարեկամութեամբ սերտօրէն կապուած մտերիմ մարդը, որ բարեկամական լուրջ խօսակցութեանց եւ մարդկային փոխադարձ յարաբերութեանց անգերազանցելի մարդը եղաւ, անձին հմայքովն իսկ ներշնչող, եւ որուն կորուստը բազմահազար անհատ մարդերու սիրտերուն իջնող հարուած մը եղաւ…:

Մտածե՜լ… որ ոչ եւս է հայ ազգին կեանքի ղեկավար այն դէմքը, որ ժողովական կեանքի ու վարչական գործունէութեան մէջ եղաւ ողջմիտ մտածողութեան, առողջ դատումի, հեռատես հայեացքի, հաւասարակշռուած տեսակէտի, լայն հորիզոնի, բաց սրտի ու մտքի մարդը, եւ որուն անհետացումը կեդրոնական սիւնին դղրդումն է մեր ազգային-վարչական ժողովական կեանքի ու գործունէութեան:

Մտածե՜լ… որ ոչ եւս է պետական ու եկեղեցական բարձրաստիճան մեծ անձնաւորութիւններու շրջանակին մէջ լուսաւոր աստղի նման փայլող ու փայլ տուող մարդը, որ հմայքի քաշողական անդիմադրելի ու անբացատրելի ուժով մը` իր անձին խորքէն ժայթքող կ՛առինքնէր բոլորը, խորագոյն տպաւորութիւն, յարգանք ու սէր տարածելով բոլորին վրայ անխտիր:

Մտածե՜լ… որ ոչ եւս է մեր հոգեւոր հայրը, որուն սիրտը այնքան էր մեծ, այնքա՜ն հարուստ, այնքա՜ն յորդուն իր զաւակներուն հանդէպ, որուն ամէնօրեայ ներկայութիւնը այնքա՜ն քաղցրօրէն տիրական էր կաթողիկոսարանիս մէջ եւ որուն ընծայաբերումը այս Ս. Աթոռի բարգաւաճման եղաւ այնքա՜ն առատաբեր ներքին ծաղկումի եւ արտաքին ճառագայթումի զոյգ ճամբաներով, որ յանկարծական ու յաւէտ այս բացակայումը, արմատներէն ցնցեց բոլոր իր մտերիմները դպրեվանքի աշակերտներէն մինչեւ միաբան հայրերը Ս. Աթոռիս…:

Ցաւակցական Այցելութիւններ

Միւս կողմէ, ցաւակցական այցելութիւնները շարունակուեցան Անթիլիասի մէջ:

Չորեքշաբթի 20 փետրուարի առաւօտուն Անթիլիաս այցելեց վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ, ընկերակցութեամբ փոսթ-հեռագրական նախարար Ռընէ Մուաուատի եւ պաշտօնապէս լիբանանեան կառավարութեան խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց Խորէն արք. Բարոյեանի, պետական հայ երեսփոխաններուն եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն:

Նախապէս, ցաւակցական այցի գացած էին նաեւ արտաքին նախարար Ֆիլիփ Թագլա եւ արդարութեան նախարար Ֆուատ Պութրոս, առողջապահութեան նախարար Ալի Պազզի, երկրագործութեան նախարար Ժոզեֆ Սքէֆ, արտաքին գործոց նախարարութեան փրոթոգոլի պետ Իզզէթ Խուրշիտ, Յունաստանի դեսպան Անաստաս Անթոնոփուլոս, Իտալիոյ դեսպանատան գործավարը, Պէյրութի մեթրոպոլիտ Էլիա արք. Սալիպի, Լեռնալիբանանի յոյն օրթոտոքս մեթրոպոլիտ Էլիա արք. Քարամ:

Այցելուներու կարգին էին նաեւ Թրիփոլիի յոյն-կաթողիկէ եպս. գեր. Օկիւսթին Ֆարահ, Թրիփոլիի յոյն-օրթոտոքս մեթրոպոլիտ գեր. Իլիաս Գուրպան, Պէյրութի Հայ աւետ. Առաջին եկեղեցւոյ կողմէ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ վերապատուելի Կարապետ Թիլքեանի, Զուիցերիոյ դեսպան Ուիտօ Քիլ, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ, Արեւմտեան Գերմանիոյ, Թուրքիոյ դեսպանները եւ Մալթայի Կարգի ներկայացուցիչը:

Կէսօրէ ետք ցաւակցական այցելութեան գացին պատրիարք Մէուշիի կողմէ գեր. Ժան եպս. Շէտիտ, Սայտայի մարոնիներու եպիսկոպոս գեր. Ժոզեֆ Խուրի, գեր. Իլիաս եպս. Հաժի, հանրապետութեան նախկին նախագահ շէյխ Պըշարա Խուրի, նախկին վարչապետ Ապտալլա Եաֆի, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Ամին Պէյհում, Մեթնի գայմագամ Համիտ Խուրի, երեսփոխաններ Անթուան Սըհնաուի եւ Շարլ Սաատ:

***

Չորեքշաբթի, 20 փետրուար 1963-ի թիւով եւ «Վեհափառը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

Կրկին սուգի սեւ քողը իջաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին վրայ: Սրտերը դարձեալ լեցուեցան դառն կսկիծովը վշտին, որ այսօր համայն հայութեանն է, հոս թէ այլուր, սփիւռքի ամբողջ տարածքին վրայ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն:

Ճակատագիրը եղաւ դաժան հայութեան համար, որ սիրով եւ գուրգուրանքով կապուած էր Կիլիկիոյ Աթոռի երիտասարդ Գահակալին, անոր անձին մէջ տեսնելով իրականացումը իր երազներուն` եկեղեցական եւ ազգային գետնի վրայ:

Ծանօթ են այն պայմանները, որոնք ստեղծուեցան ճիշդ եօթը տարի առաջ, երբ Կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական Ժողովը միաձայնութեամբ իր ընտրութիւնը կը կեդրոնացնէր Զարեհ եպիսկոպոսի անձին վրայ, անոր մէջ գտնելով վկայութիւնը անբասիր ու վեհոգի եկեղեցականին, որ պիտի գիտնար նոր կեանք եւ աւիւն ներմուծել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

Այս գերագոյն պահուն, երբ սիրուած ու յարգուած հովուապետի մը մահը ցնցած է բովանդակ հայութիւնը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեծ սուգը ափսոսանքի հառաչներ կը խլէ բոլորի սրտէն: Մենք այդ մեծ սուգի յարգանքին մէջէն` կը տեսնենք միայն լուսաւոր դէմքը առաքելատիպ եկեղեցականին, որ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ծառայութեան ճամբուն վրայ ինկաւ` խաղաղ մտքով եւ մաքուր հոգիով:

Զարեհ կաթողիկոսի գահակալութեան կարճատեւ շրջանին, Կիլիկեան Աթոռը տեղական եւ անմիջական պահանջներուն գոհացում ընծայելէ եւ լրիւ կազմակերպուելէ ետք, դարձաւ Գաղթաշխարհի հայութեան ամէնէն վստահելի եւ ամուր մէկ բերդը, անխառնօրէն հոգեւոր եւ ազգային մտահոգութիւններէ առաջնորդուող եկեղեցական գերագոյն հեղինակութիւն մը, որ գործակցաբար ազգային գերագոյն ժողովներու եւ մարմիններու, Հայաստանեայց Եկեղեցիին առջեւ բացաւ վերելքի ու բարգաւաճման լայն հորիզոններ: Հայ ժողովուրդը իր հոգեւոր պաշտօնէութիւնը տեսաւ Հայաստանեայց եկեղեցիի դարաւոր առաքելութեան ճամբուն վրայ, անսայթա՛ք եւ ուղիղ, խորապէս գիտակ իր կոչումին եւ ծառայութեան: Ու այնքան մեծ եղաւ գոհունակութիւնը մեր տառապած ժողովուրդին, որքան ան գիտակից էր, թէ Հայաստանեայց եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը պատմական դեր մը ունին կատարելիք, որովհետեւ հայ ժողովուրդը բացառապէս հոգիի, բարոյականի, աւանդութեան եւ ցեղային ստորոգելիներու ճամբով միայն զերծ կը մնայ խաթարումի ու ձուլումի վտանգներէն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր անձնդիր ու եռանդուն գահակալին անձնական օրինակով, դարձաւ «խաղաղութեան նաւահանգիստ» մը հոգեւոր եւ ազգային համագաղութային մեր կեանքին մէջ: Բոլոր աչքերը սեւեռած էին երիտասարդ ու լուսամիտ հովուապետին, որուն համար պատմութիւնը իր ամէնէն լուսաւոր էջերէն մէկը բացած էր:

Իր անձնական հմայքը եւ այդ հմայքէն թելադրուող սէրն ու յարգանքը` հանդէպ Կիլիկեան Աթոռին, իրենց շօշափելի արտայայտութիւնը գտան վերջին եօթը տարիներու ընթացքին, երբ Գաղթաշխարհի հայութիւնը, մեծ զոհողութիւններու գնով, հնարաւորութիւններ ընծայեց Կիլիկեան Միաբանութեան` կատարելու այն դերն ու պարտականութիւնը, որ վիճակուած էր իրեն:

Ոչ եւս է Մեծ Եկեղեցականը, Ան` որու համար Վեհափառի կոչումը ստացած էր իր լրիւ իմաստը. անբասիր հովուապետը, որ ընտրութեան օրը, իր առաջին իսկ քարոզին, խոր ըմբռնումովը իր կոչումին, կ՛ուխտէր ծառայել հայ ժողովուրդին:

Այդ ուխտը այսօր դարձած է կտակը Մեծ Ննջեցեալին, որուն Գործը պիտի շարունակէ ապրիլ մահէն ալ անդին, իբրեւ սրբազան կոթող եւ ներշնչարան անձնուիրութեան:

Այդ անձնուիրութեամբ ամուր հիմերու վրայ դրուած Կիլիկեան Աթոռը, վստահ ենք որ Մեծ Սուգէն ետք, պիտի վերածաղկի դարձեալ, սիրելի հովուապետին քաղցր յիշատակով տոգորուած եկեղեցականներու անխախտ հաւատքով:

***

Ուրբաթ 22 փետրուար 1963-ի թիւով եւ «Խօսք հրաժեշտի» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

Catholicos-Zareh-I_FuneralՍրտամորմոք վշտի եւ անհուն ցաւի ալեկոծութիւն մը կ՛ապրի հայ ժողովուրդը վերջին քանի մը օրերու ընթացքին: Հոգիներու վարակիչ խռովքը իր վսեմագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ այն համազգային յարգանքին մէջ, որ այսօր հայութեան բոլոր զաւակներունն է անխտիր, բոլորն ալ հոգեխառնուած այն Մեծ Սուգին մէջ, որ հարուածեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յանձին անոր ամէնէն լուսամիտ գահակալներէն մէկուն` Զարեհ Շնորհազարդ կաթողիկոսին:

Անցեալ երեքշաբթիէն ի վեր Ս. Նշան Մայր եկեղեցիին մէջ պարզուող սրտայոյզ տեսարանները, երանաշնորհ հայրապետի պայծառափայլ դէմքը թրջող յորդաբուխ արցունքները հայութեան հոգիէն կու գան: Պարզ արցունքներ չեն անոնք, այլ ափսոսանքի խուլ հառաչներով դրսեւորուած անհուն ցաւը ժողովուրդի մը, որ կու լայ իր հոգեւոր առաջնորդին, բարի ու քաջ հովիւին անժամանակ մեկնումը, երբ դեռ այնքան պէտք ունէինք իր վեհութենէն բխող անսահման բարութեան եւ վսեմ բարոյականին, որուն մարմնացումը եղաւ Մեծ ննջեցեալը կրօնական իր ասպարէզի ընթացքին:

Հայ մամիկը, որ սուրբի մը հանգոյն, իր տաք շրթներով վերջին համբոյրը կու տայ վեհափառի միւռոնաբոյր Աջին, երիտասարդը, որ հազիւ կը զսպէ իր արցունքները, բոլորը, ամէն տարիքի ու խաւի մարդիկ, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ զաւակներ, կենդանի արտայայտութիւնն են ոչ միայն անհետացող Մեծ դէմքին հանդէպ իրենց անխառն սիրոյն եւ յարգանքին, այլ նաեւ կու տան սփոփարար պատկերը հայութեան, որ ճգնաժամային պահերուն, գիտէ բարձրանալ ընդհանրական ապրումներու ոլորտները, վերագտած իր հոգին, որ մաքուր է եւ անխարդախ:

Սէրն ու յարգանքը վեհին` կ՛երթայ Աթոռին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ այսօր դարձեալ սեւ քողով ծածկուած է, իբրեւ խորհրդանիշը սգաւոր հայութեան: Կ՛երթայ այն Մեծ հաստատութեան, որու կոչումին եւ դերին գիտակցութիւնն ունի հայ ժողովուրդը, եւ այդ գիտակցութեամբ կ՛ողբայ անոր արժանաւոր հովուապետին կորուստը: Ափսո՜ս որ կարճատեւ եղաւ Ն. Սրբութեան գահակալութեան շրջանը, որ կու գար վերածաղկումի եւ բարգաւաճման խոստումներով, եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մէջ առնուած առաջընթաց քայլերով, որոնք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձուցած էին անքոյթ նաւահանգիստ` մեր տառապած ժողովուրդին:

Պիտի մնայ անձնդիր եւ բարոյական ու հոգեկան բարձր արժանիքներու տէր առաքելատիպ հոգեւորականը, որուն ադամանդեայ սիրտը բաբախեցաւ միայն իր ժողովուրդին համար, անոր տառապանքներուն ցաւակից եւ ուրախութիւններուն` մասնակից:

Պիտի մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռը, աւելի քան երբեք ամուր ու անսասան, իր հիմերը նետած հայ ժողովուրդի անխորտակ հաւատքին վրայ:

Պիտի մնայ Կիլիկեան միաբանութիւնը` պարտականութեան եւ կոչումի նոյն բարձր գիտակցութեամբ, հայ ժողովուրդին ծառայելու աննկուն կամքով:

Այդ գիտակցութիւնն ու կամքը իրենց ուժն ու զօրութիւնը կը ստանան այն մեծ Գործէն, որ վեհափառը կատարեց գահակալութեան իր կարճատեւ շրջանին, իբրեւ սրբազան կոթող, որ մշտնջենապէս կապուած պիտի ըլլայ իր անունին ու յիշատակին:

Ու հիմա, հայրապե՛տ, բաժանման այս գերագոյն պահուն, երբ հայութեան սրտէն փրցուած մասնիկ մը որպէս, մեր շքեղ պատմութեան սրբացումին կը յանձնենք քեզ, ներէ որ ըլլանք համեստ թարգմանը քու պաշտած ժողովուրդին, որ այսօր ծունկի եկած անթառամ յիշատակիդ առջեւ, ի խորոց սրտի կ՛աղաղակէ.

– Երթդ բարի, վեհափա՛ռ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )