Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ն
Կը Շարունակեն Համագործակցիլ` Հայաստանի
Աշխատանքային Շուկային Արտադրութեանը Պատրաստ
Շրջանաւարտներ Տրամադրելու Ուղղութեամբ
«Սինոփսիս Արմենիա»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային համագործակցութեան ծիրին մէջ բացումը կատարուած է կրթական նոր գիտաշխատանոցի: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը մօտաւորապէս 31 միլիոն դրամ յատկացուցած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային` «Կապի միջոցներու միկրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնին մէջ կրթական ժամանակակից երրորդ գիտաշխատանոց ստեղծելու համար: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ներդրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ` լսարանային տարածքը համապատասխանեցուած է արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշներուն: Լսարանը ապահովուած է համակարգիչով: Յատկացուած են նաեւ ամպիոնի մասնագէտ դասախօսական կազմին աշխատավարձը եւ այլ վճարները:
2011-ին եռակողմ համաձայնագիր ստորագրած էին կրթական միատեղ ծրագրի ստեղծման մասին` տնտեսագիտական ոլորտի մասնագէտներ պատրաստելու ուղղութեամբ: Երեք տարուան ընթացքին ստեղծուած է կրթական երեք գիտաշխատանոց, որուն համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ներդրած է մօտաւորապէս 74 միլիոն դրամ: «Սինոփսիս Արմենիա»-ն Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային անվճար հիմունքներով տրամադրած է ելեկտրոնային նախագծման ուսումնական փաթեթի հաւաստագիրներ, համապարփակ ուսումնական նիւթեր, ինչպէս նաեւ` ամպիոնի դասախօսական կազմի վերապատրաստում:
«Կրթութիւնը այն ոլորտն է, որուն զարգացման համար անհրաժեշտ են լաւ հաշուարկուած եւ նպատակաուղղուած ծրագրեր: Այստեղ ներդրուած միջոցները հիմնականօրէն պիտի արդիւնաբերեն ոչ թէ անմիջապէս, այլ` տարիներ ետք: Անոնք, սակայն, անգնահատելի են եւ չափազանց կարեւոր` երկրի ապագան կանխորոշելու հարցին մէջ: Մենք ձգտած ենք ստեղծելու այնպիսի պայմաններ, որոնք մասնագիտացման ճանապարհին թոյլ պիտի տան ուսանողին ապահովելու յաջողելու հաւանականութիւնը եւ իբրեւ մասնագէտ` անոր լիարժէք կայացումը: Ժամանակակից գիտաշխատանոցները կրնան նորովի բացայայտել ուսանողին ձիրքերը` կրթութիւնը դարձնելով առաւել գրաւիչ եւ արդիւնաւէտ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Համալսարանի արտադրութիւն համագործակցութեան կրթական այս ձեւի կիրառումը արդարացուած է: Ան կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ունենալու պատրաստուած շրջանաւարտներ, որոնք համապատասխան գիտելիքներ եւ ունակութիւններ ունին` արդիւնաւէտ ցուցանիշ ապահովելու համար: «Սինոփսիս Արմենիա»-ի կողմէ իրականացուող կրթական ձեւին համաձայն, պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան ծրագիրի երկրորդ տարուան աւարտին բարձր յառաջադիմութեամբ ուսանողները մրցութային կարգով կ՛ընդգրկուին ծրագրին մէջ: Ընտրութիւնը կը կատարուի «Սինոփսիս»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնագէտներու եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային դասախօսներուն կողմէ: Ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները այժմ կարելիութիւն ունին ուսումնառութիւնը շարունակելու ամպիոնի մագիստրոսական բաժանմունքին մէջ:
«Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի զարգացման գերկարեւոր նախապայմանն է բարձրորակ եւ ժամանակակից պահանջները բաւարարող մասնագէտներուն առկայութիւնը», յայտնած է «Սինոփսիս Արմենիա»-ի տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը: «Այս ծրագիրը ոլորտին մէջ տեսական գերժամանակակից գիտելիքներով եւ գործնական հմտութիւններով զինուած մասնագէտներու պատրաստման համար եռակողմ համագործակցութեան փայլուն օրինակն է»:
«Միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր ամպիոնը աւելի մեծ կարելիութիւն ստացաւ աւելի բարելաւելու «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» մասնագիտացմամբ ուսանողներու մասնագիտական որակներու բարձրացումը», ըսած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, «Սինոփսիս Արմենիա»-ի ուսումնական բաժանմունքի տնօրէն եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային` «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնի վարիչ Վազգէն Մելիքեանը: «Նոր լսարանի բացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ սկսելու եւ իրագործելու մագիստրոսական ծրագիր նոր մասնագիտութեամբ»:
«Այս համագործակցութիւնը Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ մեծապէս կը նպաստէ եւ կ՛աջակցի ակադեմիայի պսակաւորի եւ մագիստրոսի կրթական ծրագիրներու բարելաւման` տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ուսանողներուն առաջարկելով նոր մակարդակի մասնագիտական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, յատկապէս` միքրոելեկտրոնիքայի մասնագիտացման շրջանակներուն մէջ», ըսած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի նախագահ Անդրանիկ Աւետիսեանը: «Ուսումնառութեան ընթացքին եւ գործնական փորձառութեան ժամանակ ուսանողներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կիրառել գիտելիքները եւ հմտութիւնները իրական նախագիծերու շրջանակներուն մէջ, բան մը, որ նաեւ կը նպաստէ անմիջապէս ուսումնառութեան աւարտէն ետք մասնագիտական աշխատանքը սկսելու»:
Գիւմրիի Մէջ Բացուեցաւ Ռուս Լուսանկարիչ Եուրի Փաւլովի
«Յետերկրաշարժեան Լենինական» Նիւթով Ցուցահանդէսը
Գիւմրիի «Կալերի 25» պատկերասրահին մէջ դեկտեմբեր 6-ին բացուեցաւ ռուս լուսանկարիչ Եուրի Փաւլովի աշխատանքներու ցուցադրութիւնը, ուր ներկայացուած են յետերկրաշարժեան Լենինականի (ներկայիս` Գիւմրի) փաստագրական լուսանկարներ, որոնք ստեղծուած են 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմիջական տպաւորութեամբ: Ցուցադրութեան կազմակերպման նախաձեռնողը բեմադրիչ Արմէն Գասպարեանն է:
Եուրի Փաւլովը լրագրութեամբ չէ զբաղած, սակայն 1988 թուականի Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի մասին լսելէ ետք, սեփական նախաձեռնութեամբ, դեկտեմբեր 7-էն չորս օր անց կու գայ Լենինական: «Երկրաշարժի մասին լսեցի հայրենի Քալինինկրատի մէջ, ուր այդ օրը ցուցադրութիւն ունէի: Այդ ժամանակ 30 տարեկան էի, նման բան չէի պատկերացներ: Ցնցուած վիճակի մէջ էի կատարուածէն: Այդ օրերը իմ մասնագիտական կեանքիս մէջ շրջադարձային եղան:
«Լենինականի մէջ մնացի չորս օր: Առնուած լուսանկարները այնքան տպաւորիչ ու ցնցող էին, որ ես այլեւս չցանկացայ փաստագրական լուսանկարներ ընել եւ սկսայ յատուկ նիւթերու լուսանկարներու շարք ստեղծել», ըսած է լուսանկարիչը:
Անոր խօսքով, յետերկրաշարժեան լուսանկարներու թիւը աւելի շատ է, բայց ան չէ ուզած, որ երկրաշարժէն 25 տարի անցնելէ ետք քաղաքի բնակիչներուն մէջ կրկին դառն յիշողութիւն արթնցնել, որոշած է ցուցադրութեան ճամբով ներկայացնել միմիայն անոնց մէկ մասը: Լուսանկարիչին` «Լենինականի հրապարակ», «Դեկտեմբեր 11-ի լուսաբաց», «Քաղաքի բնակչութեան հաւաքը», «Արտաքսում», «Տղամարդու արցունքներ» եւ միւս բոլոր լուսանկարները տպագրուած են փրօ-էքշըն մեթոտով:
Տեղեկացնենք, որ Եուրի Փաւլովի այս աշխատանքները տարբեր ժամանակներու մէջ ներկայացուած են Քալինինկրատի եւ Լեհաստանի մէջ: Ան 1990 թուականէն Ռուսիոյ լուսանկարիչներու միութեան անդամ է եւ` բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր:
Արցախի Հերոս Պետոյի Ծննդեան 50-ամեակը
Նշուեցաւ Գիտաժողովով
Այս տարի կ՛ամբողջանայ Արցախի հերոս, ազգային-ազատագրական պայքարի մարտիկ Պետրոս Ղեւոնդեանի ծննդեան 50-ամեակը: Այս առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զարգացման ծրագիրներու հայկական կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, 30 նոյեմբերին «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանին մէջ ընթացք առաւ հերոսին նուիրուած գիտաժողովը:
«Պետոն իսկապէս առասպել էր: Անոր կերպարը կ՛ոգեշնչէր եւ այսօր ալ տակաւին կ՛ոգեշնչէ այն զինուորները, որոնք կը շարունակեն անոր գործը` սահմաններու պաշտպանութիւնը: Նախատեսուած է նաեւ կազմակերպել քանի մը ձեռնարկներ` նուիրուած Պետոյին: Այս գիտաժողովով մենք մէկ անգամ եւս կ՛արժեւորենք անոր անցած ճանապարհը, կը խօսինք անոր կերպարին, ձգած ռազմական, հայրենասիրական արժէքներուն մասին: Ձեռնարկին ընդգրկուած են բոլոր այն ոլորտներու ներկայացուցիչներուն զեկոյցները, որոնք պատասխանատու են երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան հարցին մէջ: Պետոյի անցած ուղին բոլորս գիտենք: Ցաւօք, 1994-ին ընդհատուեցաւ զինուորին եւ մեծ մտաւորականին կեանքը: Հերոսները մեզի հետ են, անոնք կ՛ոգեշնչեն մեզ իրենց հոգեւոր ներկայութեամբ», գիտաժողովին սկիզբը յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան նախագահ, գնդապետ Վանիկ Մինասեանը:
«Հերոսը յիշելը եւ անոր գործունէութեան անդրադառնալը շնորհակալ գործ է: Արցախեան ազատամարտը հայ ժողովուրդին ազգային ազատագրական պայքարի բաղկացուցիչ մասերէն մէկն է: Եթէ Պետոն եւ իր զօրամասը չլինէին, թշնամիները թերեւս կարենային ներխուժել մինչեւ Զանգեզուր», դիտել տուած է «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանի տնօրէնի գիտական գծով տեղակալ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսէօր Համլեթ Գէորգեանը:
Զեկոյցներով հանդէս եկած են նաեւ «Պատանի պատմագէտներու ակումբ» կազմակերպութեան նախագահ Արա Յակոբեանը, «Երիտասարդութեան կամք» կազմակերպութեան նախագահ Աննա Գրիգորեանը, Շահումեանի տարածքային զինուորական պատասխանատուներէն Ռոմիկ Մարգարեանը: «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանի տնօրէն Աւագ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ թանգարանը` օգտագործելով ժամանակակից արհեստագիտութիւնները, լծուած է մեր արժէքներու աշխուժ քարոզչութեան:
Եունեսքօ–ի Համաշխարհային Ժառանգութեան
Ցանկին Մէջ Ներառուելու Նոր Դիմումներ
Հայաստան աշխուժ քայլերու կը ձեռնարկէ մշակութային իր գոհարները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու նպատակով: Ցարդ ցանկին մէջ նկատի առնուած են երեք կոթողներ` Հաղպատի եւ Սանահինի վանական համալիրները` իբրեւ մէկ կոթող, Էջմիածինի մայր տաճարը, Հռիփսիմէ, Գայեանէ, Շողակաթ եկեղեցիները եւ Զուարթնոցի տաճարի աւերակները` իբրեւ մէկ կոթող, ինչպէս նաեւ` Գեղարդը եւ Ամադու կիրճը: Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ նախարարութիւնը նպատակ ունի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէին ներկայացնել արդէն իսկ ցանկին մէջ գտնուող Սանահինի վանական համալիրի ընդլայնման եւ Երեւանի մէջ տեղակայուած իրանեան Կապոյտ մզկիթի ընդգրկման դիմումներ:
«Մտածած ենք Սանահինի վանական համալիրը ընդլայնելու մասին` դիմումնագիրի մը մէջ ներառելով նաեւ անոր յարակից, 13-րդ դարու կամուրջը եւ 1233 թուականի առանձին կառոյց հանդիսացող Կայանաբերդը, որ նախկին դիմումնագիրի մը մէջ արձանագրուած չէր», նշած է Սամուէլեան:
Ան դիտել տուած է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած հայկական մշակութային կոթողները կը ներկայացուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող կառոյցներու վերաբերող դիմումներու ընդմէջէն:
«Իրանեան ցուցակի մը մէջ կայ հայկական եկեղեցիներու անուանակարգ, ուր ներկայացուած են երկու վանական համալիր եւ մէկ եկեղեցի, այս նախաձեռնութիւնը շարունակելի է», նշած է փոխնախարարը` աւելցնելով, որ Իրանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ կրթական մշակութային օճախներու նկատմամբ մեծ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի:
Հայկական կողմը, իբրեւ բարի կամքի արտայայտութիւն եւ իւրայատուկ պատասխան` Իրանին, նպատակ ունի մինչեւ 2013 թուականի աւարտը դիմում ներկայացնել նաեւ Հայաստանի տեսարժան եւ պատմական վայրերէն հանդիսացող Կապոյտ մզկիթը ցանկին մէջ ներառելու նպատակով: «Բոլոր յուշարձանները, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ կան, հիմնականօրէն մեր միջնադարեան քրիստոնեայ հաւատալիքին կը վերաբերին: Հակառակ որ դիմումնագրեր կազմելու տեսանկիւնէն քիչ մը դժուար է, սակայն փորձառական տեսանկիւնէն շատ հետաքրքրական կ՛ըլլայ իբրեւ մէկ դիմումնագրի մէջ ներկայացնելով Ուխտասարի ժայռապատկերները եւ Զօրաց քարերը: Դիմումնագիրը բաւական ծաւալուն է, եւ այն նախնական ցուցակին մէջ ներառելու համար դիմումնագիրը կ՛ուղարկենք 2014-ի ընթացքին», դիտել տուած է ան:
Նշենք, որ մշակոյթի նախարարութիւնը բնապահպանութեան նախարարութեան հետ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Նորավանքի վանական համալիրի եւ Ամաղուի կիրճը ցանկին մէջ ընդգրկելու համար: Միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն նշանաւոր քաղաքը հանդիսացող Անին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար դիմում կը ներկայացնէ Թուրքիան, բայց յառաջիկային Անիի քաղաքային ճարտարապետական զարգացման կեդրոն եւ հայկական քաղաք ըլլալու հանգամանքէն մեկնած` հայկական կողմը պիտի նախաձեռնէ «Անի-Շիրակ» խորագիրով դիմումի, որ տակաւին յստակացման հանգրուանի մէջ է: «Այս դիմումնագիրներուն մէջ մենք կը խօսինք հնագիտական հետաքրքրութեան մասին, սակայն յառաջիկային մենք որոշած ենք նոր ուղղութիւն մը ներառել մեր դիմումնագիրներուն մէջ. այս արդիւնաբերական ճարտարապետութիւնն է: Խօսքը «Հարաւկովկասեան երկաթուղիին» մասին է, Երեւան-Պաթում երկաթագծի, որ ռուսական ցարի ժամանակներուն կառուցուած եւ առ այսօր գործող նախկին կայսրութեան միակ ճանապարհն է», բացատրած է Սամուէլեան:
Հայ Նկարիչները Իրենց Հեղինակային Գործերը
Նուիրած Են «Նոր Հալէպ» Թաղամասին
Դեկտեմբեր 6-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց հայ նկարիչները եւ լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանը: Անոնք իրենց նկարները նուիրաբերած են Աշտարակ քաղաքի մէջ սուրիահայերու համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի աշխատանքներուն: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Յունիս 17-22 Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Մարսէյի «Թերր տ՛Արմենի» մշակութային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի մէջ իրականացուեցաւ «Ֆրանսական-հայկական գերազանցութեան շաբաթ» նախաձեռնութիւնը: Այդ ծիրին մէջ կայացաւ հայ նկարիչներու ցուցահանդէս-վաճառք, որմէ ստացուած ամբողջ հասոյթը արդէն փոխանցուած է բնակարանաշինութեան համար բացուած հաշուեհամարին: Մարսէյի մէջ ցուցահանդէս-վաճառքը կը գործէ մինչեւ Ամանոր, որմէ ետք կը տեղափոխուի Ֆրանսայի այլ հայաշատ քաղաքներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հայ նկարիչներուն` սուրիահայերու բնակարանաշինութեան հարցով իրենց գործօն մասնակցութեան համար, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց. «Ուրախ եմ այն միջազգային յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն համար, որ այսօր կ՛արձանագրեն հայ նկարիչները: Սուրիահայերուն օգնելու նախադէպը օրինակ պիտի դառնայ հետագային աշխարհով մէկ սփռուած նկարիչներու կապը հայրենիքի հետ առաւել սերտացնելու եւ համահայկական ցանց ստեղծելու համար»:
Սփիւռքի մէջ հայ գեղանկարչական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, այդ ոլորտէն ներս ստեղծագործական յաջողութիւններ ունենալու, ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ սուրիահայերու բնակարանաշինութեան համար նկարներու նուիրատուութիւնը նախաձեռնելու գործին մէջ ունեցած ներդրման համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրեց լիբանանահայ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանը:
Իրենց նկարները սուրիահայերու բնակարանաշինութեան համար նուիրաբերած հայ նկարիչները նոյնպէս պարգեւատրուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագրերով:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին մշտական ուշադրութեան համար` Մովսէս Հերկելեան նշեց. «Հայկական սփիւռքը խայտաբղէտ ու բազմազան երեւոյթ է, եւ նախարար Յակոբեանը կրնայ համախմբել զայն: Մենք արդէն ունինք սփիւռքի մէջ ապրող եւ ստեղծագործող այլ նկարիչներ եւս, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս ցուցահանդէս-վաճառքին»:
Նախարարը հայ նկարիչներուն առաջարկեց միացեալ ուժերով կազմակերպել նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը:
2015-Ին Երեւանը Պիտի Հռչակուի
Եւրոպական Ուսանողական Մայրաքաղաք
Եւրոպական ուսանողական միութեան կառավարման խորհուրդը 3 դեկտեմբերին Զաղրեպի մէջ կայացած նիստին ընթացքին Երեւանը ընտրած է Եւրոպական ուսանողական միութեան 2015-ի գարնանային նստաշրջանը հիւրընկալող քաղաք: Նշենք, որ միութեան մաս կը կազմեն 39 երկիրներու 47 ազգային ուսանողական միութիւններ: Նստաշրջանի հիւրընկալման դիմում ներկայացուցած էին Հայաստանը եւ Իսրայէլը. վերջինին զօրակցած են միջերկրածովեան տարածաշրջանի երկիրներու ներկայացուցիչները, իսկ Հայաստանին` կեդրոնական, արեւելեան, արեւմտեան եւ հիւսիսային Եւրոպայի երկիրները: Փակ քուէարկութեամբ Հայաստան ստացած է 41, իսկ Իսրայէլ 26 ձայն:
Հայաստան «Փլանշեթ»-Ներ (Armtab)
Եւ Հեռախօսներ Կը Սկսի Արտադրելու
Հայկական արտադրութեան Armtab «փլանշեթ»-ներու վաճառքի մեծաքանակ գինը պիտի տատանի 225-280 տոլարի սահմաններուն միջեւ` պաստառի չափերուն համաձայն: Այդ մասին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է մշակող եւ արտադրութիւնը կազմակերպող Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնըմիքս Inc? / Արմթապ Թեքնոլոճիզ ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանը: Ան նշած է, որ շուկային մէջ պիտի ներկայացուի հայկական «փլանշեթ»-ի 5 ձեւ, որոնց պաստառին անկիւնագիծերը պիտի ըլլան 7.85, 9, 9.7 եւ 10.1:
Անոր համաձայն, արտադրութիւնները պիտի ունենան 16 կիկապայթ յիշողութիւն, 1-1.2 կիկապայթ ռամ: Արմթապ «փլանշեթ»-ները պիտի ունենան նորագոյն «Ռեթինա» պաստառներ:
Շաքարեանի համաձայն, ընկերութիւնը պիտի զբաղի միայն մեծաքանակ վաճառքով: Թիրախային երկիրները կը նկատուին Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Սէուտական Արաբիան, Մեքսիքան, Պրազիլը, Արժանթինը, ինչպէս նաեւ` եւրոպական եւ մերձպալթեան երկիրները: Բանակցութիւններ կը կատարուին նաեւ Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին կից արդիւնաբերական խորհուրդի 6 դեկտեմբերի նիստին ներկայացուած է հայկական արտադրութեան առաջին «փլանշեթ»-ը եւ առաջին հեռախօսը (Armphone):
Վարչապետը յայտնած է, որ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ գործող հայ-ամերիկեան Թեքնոլոճի էնտ սայընս տայնըմիքս Inc? / Արմթապ Թեքնոլոճիզ ընկերութիւնը նախաձեռնած է հայկական առաջին «փլանշեթ»-ներու արտադրութեան: Ընկերութեան նախագահ Վահան Շաքարեանի համաձայն, անոնց ծրագրային եւ սարքային ապահովման (software եւ hardware) աշխատանքները կը կատարուին Հայաստանի մէջ, իսկ հաւաքումը` Միացեալ Նահանգներու եւ Հոնկ Քոնկի: Կը նախատեսուի, որ «փլանշեթ»-ներու արտադրութիւնը եւ վաճառքը պիտի սկսի 2014-ին:
Յունուար-փետրուար ամիսներուն արտադրութեան մէջ պիտի ներգրաւուին 25-50 բարձրակարգ հայաստանեան մասնագէտ:

