Հին Ու Նոր Մտահոգութիւններէն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedikian«Պապի՛կ, դուն բարեւ կ՛ըսես, թէ ոչ պարեւ», ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս` Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին «պաչիկներ» եւ կարօտագին գրկախառնումներ չէինք փոխանակած:

Իմ կարգիս, հակառակ անոր որ օրերս կապած էի առօրեայ մտահոգութիւններուս, սակայն առաւօտէն սկսեալ անհամբեր իր վերադարձին կը սպասէի այն նոր ու ինքնածին զգայնութեամբ, որ հին օրերուս գեղեցիկ թարմացումը պիտի վերապրէի:

Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի տեսնել, թէ իր դպրոց յաճախելուն իբրեւ արդիւնք` արդեօք իր «ակռաներն ալ ոսկի եղա՞ծ էին», թէ՞ ոչ: Անոր համար էր, որ զինք կը սպասէի մեծ անձկութեամբ:

Եւ ահա՛ այս հարցումը, որ զիս մեծապէս զարմանքի կը մատնէր: Ահա՛ քեզի անակնկալ վերապրում:

Անմիջապէս նայեցայ դէմքին: Աչքերուն շարժումները քննեցի: Ժպիտը փորձեցի բացատրել: Գիտէի, որ երեւոյթը գեղեցիկ էր, որովհետեւ Վանան հետս միայն հայերէն կը խօսէր, համարձակ, նոյնքան ալ` ազատ:

Սթափեցայ ու ըսի. «Ես բարեւ կ՛ըսեմ»:

«Օքէ՜յ», ըսաւ արագ մը, «ուրեմն դուն իմ խումբէս ես»:

Սկիզբը բան չհասկացայ: Թէեւ տարօրինակ գտած էի այս պատասխանը, սակայն չփորձեցի զայն վերլուծել: Բայց երբ կրկին շեշտեց, թէ ես իր խումբէն էի, ահա այդ վայրկեանին զգաստացայ:

Ի՞նչ խումբի մասին էր խօսքը:

Յիշեցի, որ դպրոցին մէջ, ծնողներու նախընտրութեան համաձայն, նոյն կարգի աշակերտներ կը բաժնուէին երկու խումբերու` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:

Ահա՛, Վանային մատնանշած խումբը: Ինք արեւմտահայ խումբին կը պատկանէր: Ու ի՜նչ ուրախութիւն, ես ալ հիմա, իր իսկ որոշումով, իր խումբին կը պատկանէի:

Ի՜նչ ցնծութիւն` թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ինծի համար:

Պապիկ եւ թոռնիկ նոյն խումբին մաս կը կազմէինք: Օ՜հ, ներողութիւն, Վանային համաձայն, պապիկն էր, որ մաս կը կազմէր իր խումբին:

Հոգ չէ: Փորձեցի անմիջապէս համբուրել ճակատը, երբ քանի մը քայլ հեռու կենալով` շատ համարձակ ըսաւ. «Ինչո՞ւ պապիկ, ինչո՞ւ խումբ կայ: Ես կ՛ուզեմ Էմելիային եւ Ռաքսանին մօտ նստիլ, անոր դասարանը…»:

Իր մանուկ միտքը այսքան կրցած էր արտայայտել: Էմելիան պարսկահայ ծնողներու զաւակ էր, իսկ Ռաքսանին ծնողները Երեւանէն էին:

Կասկածը տեղին ըլլալու էր, որովհետեւ ինք եւ իր նմաններն ու տարեկիցները դպրոց կամ այլ տեղ ամէն հանդիպումին, իրարու հետ անգլերէն լեզուով էր, որ կը հաղորդակցէին, կը խօսէին, կը խաղային:

Անգլերէնը, նոյնիսկ իրենց այս տարիքին, արդէն տիրապետած ու կլանած էր իրենց մտապաշարն ու լեզուն, բառերն ու խօսակցական միջոցները: Հայերէնը պապիկին լեզուն էր ու կարծես միայն պապիկին ու նանիին հետ խօսելու համար ստեղծուած էր:

Ինք կ՛ուզէր Էմելիային եւ Ռաքսանին դասարանը «նստիլ»: Անոնց քովը: Չէ՞ որ երեքով միշտ միասին կը խաղային: Միասին փարք կ՛երթային: Ծնողները միասին փիքնիք ալ կ՛ընէին:

Ոչ միայն իրեն, այլ նաեւ ինծի համար ալ հարցը բաւական լուրջ էր:

Վայրկեանին կը կարծէի, որ հայոց պատմութեան ձայնն էր, որ կը լսէի:

Վանան հաւանաբար մինչեւ տուն վերադարձը երկար մտածած ըլլալու էր այս մասին ու առանց նախաբան մը ընելու` մտահոգութիւնը շպրտած էր երեսիս:

Նայեցայ դէմքին: Տակաւին հարցումը անկէ կախուած կը մնար, ու ինձմէ պատասխանի մը կը սպասէր, պատասխան մը, որ գոհացում տար իր այս «մեծ» մտմտուքին:

Կը զգայի, որ իր փոքրիկ ուղեղը հիմա անտէր հայելի մըն էր, անկէ անմեղ պատկերներ կ՛անձրեւէին իր հոգիին մէջ:

Ճերմակ ու բաց թուղթի մը նման նաեւ կը տեսնէի անոր հոգին:

Ի՞նչ պէտք էր, որ պատասխանէի: Շուարած էի:

Բայց ի՞նչ ձեւով բացատրէի: Ըսէի, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ընթացքին ճակատագիրը մեծ դեր ունեցած էր իր կեանքին մէջ:  Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ բառերով ներկայացնէի մեր ժողովուրդին այս չնախատեսուած երեւոյթը: Մեր` պատմական անարդարութեան եւ քաղաքական ոճիրի արդիւնք կեանքը:

Ինչպէ՞ս պարզէի հայ ըլլալու եւ մանաւանդ հայ մնալու ողբերգութիւնը` այս անմեղ աղջկան:

Իսկ հիմա. «Պապի՛կ, ինչո՞ւ երկու լեզու»:

Կեանքի հեգնանքէն ծնած էր այս հարցումը:

Ինչպէ՞ս բացատրէի, ըսէ՛ք:

Իսկապէս, որ ինծի ալ անժամանակ մշուշ մը պատած էր գիտակցութիւնս ու քրտինք բերած էր ճակտիս:

Կրկին նայեցայ դէմքին:

Մեր աչքերը այս անգամ տարբեր կերպով իրարու հանդիպեցան: Իրը` անհամբերութեամբ լեցուն էր, իսկ իմս` մտահոգութեամբ:

Ինք անհանդարտ էր, ես` մտահոգ եւ լուռ:

Ինք նոր ժամանակներու նոր հայութիւնն էր ինծի համար, ու այսօր, դպրոցի առաջին օրուան առաջին իսկ վայրկեանին իր խաղաղ ուղեղի լճակին մէջ ալիք մը ծնած էր, որ կամաց-կամաց մագլցող հետաքրքրութեամբ ու նոյն աստիճանաչափով մագլցող ակնկալութեամբ վերածուած էր անհանդարտ հովի մը:

Կը մտածէի` ինչպէ՞ս կարելի պիտի ընէի իր միտքին անկիւնը նստած կասկածը փարատել:

Ազգովին հմտութենէ կը տառապինք: Ահաւասիկ` ուրիշ ողբերգութիւն մը, որովհետեւ այս օրերուն ըսուածը պայմանաւորուած է վկայականով:

Վանան անգիտակցաբար, իր իսկ այս հարցումով, մտածումներուս առաջ փռած էր հայ լեզուի ու ինքնութեան հարցը: Աւելի՛ն. այս կարճ հարցումը իրեն հետ բերած էր հայ հողին անփոխարինելիութիւնը, մեր հայ լեզուին ներկայ տագնապը, մտածելու եւ գործելու մեր կարողութիւնն ու պատրաստակամութիւնը եւ վերջապէս` ազգային գիտակցութիւնը: Մէկ խօսքով` ազգը ճանչնալու միջոցը: Ահա՛ քեզի տագնապ-մտահոգութիւն մը` մանուկի մը բերնէն անմեղօրէն դուրս նետուած:

Ազգային մեր կեանքին մէջ արդեօք տակաւին որքա՞ն ատեն պիտի մնայ այս տագնապը: Խո՜ր դժբախտութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )