ՀԵՀՈՄ-ի Հիմնադրութեան 50-ամեակի Նշում

HEHOM-_50th-AnniversaryԱյս տարի 50-ամեակն է Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) հիմնադրութեան: Սոյն միութիւնը հիմնուեցաւ 1963-ին` Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեանի (ապա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) կողմէ եւ խումբ մը համալսարանականներու մասնակցութեամբ: Տարիներու ընթացքին միութիւնը աճեցաւ ու կազմակերպուեցաւ` իր կեդրոնը ունենալով կաթողիկոսարանին մէջ: Ան միշտ վայելեց Խորէն Ա., Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետներուն օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը:

Անցնող 50 տարիներուն ընթացքին իր կազմակերպած զանազան ձեռնարկներուն եւ ունեցած յարաբերութիւններուն ճամբով ՀԵՀՈՄ-ը դարձաւ աշխուժ ներկայութիւն ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ: Այսօր բազմաթիւ ՀԵՀՈՄ-ականներ բոլոր գաղութներուն մէջ կարեւոր դիրքեր կր  գրաւեն ազգային կեանքի եւ ընդհանրապէս ընկերութեան կեանքի զանազան մարզերուն մէջ:

ՀԵՀՈՄ-ի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով պաշտօնական ընթրիք մը տեղի ունեցաւ «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարելով` վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան անդրադարձաւ ՀԵՀՈՄ-ի կոչումին ու տարած աշխատանքներուն եւ ըսաւ- «Իբրեւ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ 50 տարիներէ եկած ՀԵՀՈՄ-ը կը տանինք նոր ամեակներու` նոր հորիզոններ բանալով ՀԵՀՈՄ-ի առաքելութեան ու աշխատանքի անդաստանին մէջ: Մենք կը վստահինք մեր համալսարանական երիտասարդութեան ուժին եւ անոր կարողութիւններուն: Սակայն ուժն ու կարողութիւնը բաւարար չեն` ՀԵՀՈՄ-ի նման միութեան մը լայնածաւալ առաքելութիւնը առաջ տանելու համար: Կայ նաեւ նախկին ՀԵՀՈՄ-ականներուն տարիներու փորձառութիւնը, որ ինքնին հանք մըն է` լաւագոյն միջոցներով դիմագրաւելու այսօրուան երիտասարդութեան դժուարութիւնները եւ ՀԵՀՈՄ-ի երդիքին տակ համախմբելու եւ ամրապնդելու զայն»: Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄ-ի մասին պատմական տեսերիզ մը:

Ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան մեծապէս գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ի 50 տարիներու նուիրեալ աշխատանքը: Ապա թելադրեց «ներկայ պայմաններուն ու հրամայականներուն համապատասխան քայլերու դիմել` վերատեսութեան ենթարկելով ՀԵՀՈՄ-ի գործունէութիւնը»: Վեհափառ հայրապետը ցաւով յիշեցուց. որ «այսօր մեր համալսարանական երիտասարդներուն մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեր ազգային կեանքէն. մեր կառոյցներէն»: Ան ըսաւ. «Ինչո՞ւ այս մտահոգիչ երեւոյթը. ի՞նչ բան կը մղէ մեր երիտասարդները հեռու մնալու մեր կեանքէն. անհրաժեշտ է խօսիլ մեր երիտասարդներուն հետ ու համախմբել զանոնք մեր կառոյցներուն շուրջ: Բնականաբար, մեր շրջապատին հետ մեր յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը կենսական է, սակայն մենք կը պատկանինք այն մեծ ընտանիքին, որ մեր գաղութն է, հայ ժողովուրդն է»: Ապա վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ հայ երիտասարդները մասնակից դառնան ՀԵՀՈՄ-ի եւ հայկական բոլոր կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան:

Վեհափառ հայրապետի պատգամէն ետք. ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան եւ ատենապետ Ռազմիկ Միքայէլեան իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն ՀԵՀՈՄ-ի 50-ամեակին առիթով յուշանուէր մը յանձնեցին վեհափառ հայրապետին:

Վեհափառ հօր մեկնումէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Ատիս Հարմանտեան ազգային երգերով խանդավառեց ներկաները:

 

Share this Article
CATEGORIES