Ասիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Աղջկանց Յանձնախումբին Մէկ Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ


Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 8 դեկտեմբերին, Պէյրութ այցելեց Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին աղջկանց յանձնախումբին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Ժիւլի Թէոյի եւ ընկերակցութեամբ յանձնախումբի անդամ Եունճիէ Ֆանի:
Այս այցելութեան գլխաւոր նպատակն է ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի Լիբանանի մէջ աղջկանց ֆութպոլը աւելի շատ ժողովրդականութիւն գտնէ եւ այս մարզով հետաքրքրուողներուն թիւը աճ արձանագրէ:
Անոնք նախանցեալ օր այցելեցին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի, ինչպէս նաեւ յատուկ նիստեր եւ ժողով-հանդիպումներ ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շըհաֆի եւ Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց յանձնախումբին նախագահ Համբիկ Միսաքեանի հետ:
Անոնք վաղը` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին կը մեկնին Լիբանանէն:

