Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Քաթարի Եւ Ապահովեց 2014-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը
Քուալա Լամփուրի (Մալեզիա) մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 3-1 արդիւնքով յաղթելով Քաթարի եւ արձանագրելով իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, ապահովեց 2014-ին Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան իր տոմսը` առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով եւ գրաւելով խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Լիբանանի այս յաղթանակը կերտեց Լիբանանեան բանակի խումբին մաս կազմող Մոհամետ Քուպէյսի, որ հեթրիք մը իրագործեց:
Այսօր, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանան կը մրցի Սէուտական Արաբիոյ դէմ, իսկ վերջին մրցումին` Քուէյթի դէմ:
Նշենք, որ ինչ ալ ըլլան Լիբանանի կատարելիք երկու մրցումներուն արդիւնքները, մայրիներու խումբը ապահոված է իր տոմսը:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Լիբանան 2 6
2.- Քուէյթ 2 4
3.- Իրաք 3 4
4.- Քաթար 2 1
5.- Սէուտական Արաբիա 3 1

