Ռիպերի` Ֆրանսայի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի երէկ ընտրուեցաւ Ֆրանսայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը երէկ իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ:
Ռիպերիի համար այս մրցանակը կը հանդիսանայ երրորդը` նկատի ունենալով, որ ան ատոր նախապէս տիրացած էր 2007-ին եւ 2008-ին:
Այս լուրին ի տես Ռիպերի ըսաւ, որ իրեն համար ասիկա բնականաբար մեծ պատիւ մըն է, սակայն ինք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ այս ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատելու` կոտրելով Թիերի Հանրիի հաստատած մրցանիշը, որ հինգ անգամ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի տիտղոսին արժանացած է:
CATEGORIES Մարզական