Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ զայն քաջալերած, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը հրաւիրէ «Սեն Քլու»-ի նման երկխօսութեան նիստի մը` նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին:
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց երկխօսութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն զերծ կացուցելու քայլը երկրին կառավարութիւնը կազմելու նախաքայլը կը նկատուի:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յոյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին համաձայն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր պատասխանելով Սուրիական ազատ բանակի յայտարարութեան յայտնեց, որ երանի թէ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ Սուրիոյ եկեղեցիներու պաշտպանութեան նպատակով գործուղուած մարտիկներուն լուրը իրականութիւն ըլլար:
ՆԻՒԹԱԿԱՆ հարցերու ատեանի ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ պահանջեց նախարարի պաշտօնակատարներ Ղազի Արիտիի եւ Մոհամետ Սաֆատիի նախանցեալ օրուան մամլոյ ասուլիսներուն ներկայացուած տեղեկութիւններէն օրինակ մը իր տրամադրութեան տակ զետեղել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախագահական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին մէկ թեկնածուով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական իր վերջին նստաշրջանին կը ջանայ իր համայնքը գոհացնել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եկեղեցական աղբիւրներէ, նշեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը պատրաստուի Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ երեսփոխաններու հանդիպում մը կազմակերպելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ շեշտեց, որ Դիմադրութեան կամքով միայն կարելի է վերատիրանալ այն իրաւունքներուն, որոնք խլուած են Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ կոչ ուղղեց միասնականութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ երկրին ապահովական կայունութեան նպաստող դրական ուժի մը:

