«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին. «Հայրս Սպաննուեցաւ, Որովհետեւ Բանակի Հրամանատարութիւնը Ստանձնելու Թեկնածու Էր» Ըսաւ Էլի Ֆրանսուա Հաժ

Էլի Ֆրանսուա Հաժ
Զօր. Ֆրանսուա Հաժի զաւակը երէկ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իր հայրը սպանութեան թիրախ դարձաւ, որովհետեւ բանակի հրամանատարութիւնը ստանձնելու լուրջ թեկնածու էր:
Ան նշեց, որ զօր. Հաժի կողմէ բանակի հրամանատարութեան ստանձնումը պիտի նեղացնէր շատերը, որովհետեւ ան ազգային ոչ մէկ հարցի գծով սակարկութեան մէջ կը մտնէր:
«Զօր. Հաժի սպանութիւնը` զինուորական շրջանի մը մէջ, ցոյց կու տայ, թէ տարբեր կողմերու միջեւ շահերու խաչաձեւում կայ», ըսաւ Էլի Հաժ:
Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն հետաքննութիւն բանալու այն անցարգելին մասին, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ զետեղուեցաւ իր հայրը թիրախ դարձուցած պայթումին վայրին դիմացը եւ պայթումէն օրեր ետք այդ անցարգելը վերցուեցաւ:
Էլի Հաժ աւելցուց նաեւ, որ այդ անցարգելին հսկող երկու պահակ զինուորները աւելի ուշ սպաննուած կամ անձնասպան եղած գտնուեցան` ենթադրեալ անձնական պատճառներով:
Հաժ յայտնեց, որ ինք այս յայտարարութիւններուն ընդմէջէն ներքին ապահովութեան ուժերը չ՛ամբաստաներ` աւելցնելով, որ խախտումները պատահական են եւ հաստատելով, որ մինչեւ օրս այս հարցին մասին իրենք դատական իշխանութիւններուն կողմէ յստակ պատասխաններ չեն ստացած:
«Զօր. Հաժի սպանութեան ճշմարտութիւնը կրնայ տասնամեակ մը ետք բացայայտուիլ` նկատի ունենալով, որ սպանութեան ընթացքին պատասխանատուութիւն ստանձնած անձնաւորութիւնները այսօր այս կամ այն պաշտօնին թեկնածու են, սակայն տարիներ ետք անոնք ոչինչ պիտի ունենան կորսնցնելիք», նշեց Էլի Հաժ:

