Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Մուսթաքպալի պատուիրակութիւնը` Աուտէ եպիսկոպոսին հետ հանդիպման ընթացքին
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին:
Նիստէն ետք յայտնուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջած է կառավարութիւն մը կազմել եւ բոլորը պատասխանատուութեան կանչել, որովհետեւ ներկայ կառավարութեան պատճառած վնասը հսկայական է:
Աուտէ Եպիսկոպոսին Մօտ
Միւս կողմէ, ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխաններուն, Սինիորա երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ մզկիթներուն դէմ գործուած բռնարարքները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Սինիորա դատապարտեց սրբավայրերուն եւ աղօթավայրերուն դէմ գործուող բոլոր բռնարարքները:
Սինիորա նշեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ իրենց ունեցած քննարկումներուն ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ 50 եկեղեցիներ սրբապղծումի ենթարկուած են:
Սինիորա խստիւ դատապարտեց այդ արարքները, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներուն եւ մայրապետներուն առեւանգումը:
«Առեւանգումը չի նպաստեր Սուրիոյ բռնատիրական վարչակարգին վերջ մը դնելու», ըսաւ ան:
Սինիորա շեշտեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու կարիքը օրըստօրէ աւելի կը շեշտուի` կոչ ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը:
Սինիորա յարմար նկատեց, որ այս հանգրուանին կազմուի չէզոք անձնաւորութիւններէ կազմուած կառավարութիւն մը:

