Պըրրի Խորհրդարանի Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Միացեալ Նիստի Մը

Սաֆատի եւ Պըրրի

Սաֆատի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ խորհրդարանի նախագահին յանձնեց Իրանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Լարիժանիէն հրաւէր մը` մասնակցելու յառաջիկայ 18-19 փետրուարին տեղի ունենալիք Իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն Թ. ընդհանուր ժողովին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը հարցազրոյցի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ երկրին համար հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան ձախողութիւնը համազօր է Լիբանանի զենումին:

 

Share this Article
CATEGORIES