«Միջքրիստոնէական Համախոհութիւն Գոյացնելու Մեր Նախաձեռնութիւնը Ցամքելու Մօտեցած Է, Սակայն Մենք Պիտի Չյուսալքուինք» Շեշտեց Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի

Սելիմ Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած է միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու իրենց նախաձեռնութիւնը` երկրին քաղաքական, ապահովական եւ շրջանային թէ միջազգային մարզերուն առումով միացեալ կեցուածքներ որդեգրելու նպատակով:

«Միջքրիստոնէական համախոհութիւն գոյացնելու մեր նախաձեռնութիւնը ցամքելու մօտեցած է, սակայն մենք պիտի չյուսալքուինք», ըսաւ Ժրայսաթի:

Ժրայսաթի անդրադարձաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին արտասանուած շարք մը կեցուածքներու, որոնք խոչընդոտած են միջքրիստոնէական համախոհութեան հաստատումը:

Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ ունենալիք հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ միակ կողմը, որ մերժած է ընդառաջել այդ հանդիպումին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքն է:

«Հետեւաբար հարց կու տանք, թէ ո՞վ է քրիստոնէական միացեալ կեցուածք գոյացնելու ջանքերը խոչընդոտողն ու պառակտում յառաջացնողը», ըսաւ Ժրայսաթի:

Share this Article
CATEGORIES