Սաստիկ Ցուրտին Պատճառով Տիապ Միօրեայ Արձակուրդ Կը Ճշդէ Պետական Եւ Սեփական Դպրոցներուն

Hassan-DiabԿրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն ընդմէջէն ան յայտարարեց, թէ Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին եւ հետեւաբար սաստիկ ցուրտին պատճառով պետական եւ սեփական դպրոցները այսօր` չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2013-ին, փակ պիտի պահեն իրենց դռները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )