«Ալեքսա»-ն Ժամանած Է` Տարածելու Համար Սպիտակը
Ըստ Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին, այսօր տեղատարափ անձրեւներուն կողքին ծովուն մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ օրուան ընթացքին ջերմաստիճանը աստիճանաբար պիտի նուազի` նախատեսելով, որ ծովուն մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տեղայ:
Լիբանանը հարուածող «Ալեքսա» անունով ձիւնամրրիկին ընթացքին անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ յատկապէս լեռնային շրջաններուն եւ գիւղերուն մէջ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը շեշտեցին, որ իրենք բանակին կողքին պիտի օժանդակեն քաղաքացիներուն կարիքներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

