«Մաքսային Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան «Ճամբու Քարտէս»-ի Նախագիծը Պատրաստ Է» Ըսաւ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան

Տիգրան Սարգսեան
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ազգային դեղեր-միջազգային որակ» գիտաբժշկական համաժողովին, լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան «ճամբու քարտէս»-ի նախագիծը պատրաստ է:
Վարչապետը յայտնեց, որ արդէն իսկ մշակուած է «ճամբու քարտէս»-ի նախագիծը, եւ աշխատանքային խումբը 11-12 դեկտեմբերին վերջնականօրէն պիտի քննարկէ եւ եզրակացութիւն տայ, թէ ի՛նչ խնդիրներ կան լուծուած եւ չլուծուած: «12 դեկտեմբերէն ետք աշխատանքային խումբը կը վերադառնայ, եւ մենք ամբողջական պատկեր կ՛ունենանք ճամբու քարտէսին վերաբերեալ», ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանէսեան մանրամասնեց, որ չորս երկիրներու փորձագէտներուն կողմէ Հայաստանի «ճամբու քարտէս»-ի քննարկումէն ետք միայն յստակ պիտի դառնայ, թէ արդեօք Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ փաստաթուղթը պիտի հաստատուի՞ դեկտեմբերին, թէ՞ ոչ:
Նախապէս նշուած էր, որ 24 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպման ժամանակ միութեան պիտի ներկայացուի Հայաստանի անդամակցութեան «ճամբու քարտէս»-ը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը Աւանէսեանին հարցուց, թէ «ճամբու քարտէսին մէջ» Հայաստանի տնտեսութեան ո՞ր առանձնայատկութիւնները հաշուի առնուած են, ի՞նչ բացառութիւններ, վերապահումներ սահմանուած են հայաստանեան ապրանքներու եւ ծառայութիւններու համար կամ Հայաստան ներածուող ապրանքներուն համար, որպէսզի, ինչպէս օրինակ Ղազախստանի կամ Պիելոռուսիոյ մէջ, որոշ ապրանքներու ներածման կամ արտածման համար աւելի քիչ մաքսատուրք վճարուի:
«Տակաւին այսպիսի վերապահումներ չկան, ճամբու քարտէսը ճիշդ անոր համար է, որպէսզի յստակ ըլլան այն ժամկէտները, որոնց ծիրին մէջ մենք պէտք է բանակցինք այդ ծրարներուն շուրջ: Այսինքն կան տարբեր տեսակի բանակցութիւններ, «ճամբու քարտէս»-ի մշակումը եւ հաստատումը ոչ թէ բանակցային հոլովոյթն է, այլ բանակցային հոլովոյթի ժամկէտները եւ նիւթերու շեշտադրումը», ըսաւ նախարարը:
Կեդրոնական դրամատան նախկին նախագահ Բագրատ Ասատրեան յայտնեց, որ անդամակցելով որեւէ առեւտրական միութեան` երկիրներու շահերէն կը բխի բանակցութիւններ վարել, որպէսզի հաշուի առնուին նաեւ իրենց շահերը, եւ խաղի կանոնները չըլլան միայն միութեան արդէն իսկ անդամակցած պետութիւններուն պայմաններով:
Բագրատ Ասատրեան կասկած յայտնեց, որ բանակցութիւններու սկսելով Մաքսային միութեան հետ` Հայաստան ի վերջոյ կ՛անդամակցի միութեան:
«Մաքսային միութիւնը մեզի պէտք չունի, տնտեսապէս մենք որեւէ հետաքրքրութիւն չենք կրնար ներկայացնել այն առումով, որ միասնական սահման չունինք: Ասիկա իրականութիւնն է: Եկէք Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու արտաքին առեւտրական կապերու ծաւալները գնահատենք եւ թէ որքան բաժին կ՛իյնայ Հայաստանին: Եկէք նաեւ այդ երկիրներու ակնկալիքներուն մասին խօսինք: Օրինակ, Ղազախստան ի՞նչ ակնկալիքներ պէտք է ունենայ Հայաստանէն», ըսաւ տնտեսագէտը:

