«Վիեննայի Եւ Քիեւի Հանդիպումները Ապացուցեցին, Որ Կողմերը Կ՛ուզեն Դուրս Գալ Անելէն» Ըսաւ Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ վերջերս Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու, իսկ Քիեւի մէջ տեղի ունեցած երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումները ցոյց տուին, որ կողմերը կ՛ուզեն դուրս գալ ներկայ անել վիճակէն:

«Քիեւի մէջ վերջին հանդիպումը նախարարներուն կարելիութիւն տուաւ քննարկել բարդ եւ զգայուն հարցեր` յառաջ շարժելու ելք գտնելու համար», ըսած է ան:

Ըստ Ուորլիքի, անոնց հետագայ փոխադարձ գործակցութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն իրական կարելիութիւն պիտի ստեղծէ տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծման համար, հակառակ անոր որ պէտք է խոստովանիլ, թէ յառաջընթացի համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ քաղաքական կամք` ամէնէն բարձր մակարդակով:

«Նախարարները անցեալ շաբաթ համաձայնած են շարունակել միացեալ աշխատանքը այն հիմքով, որ արդէն ձեռք բերուած է: Միեւնոյն ժամանակ բոլոր կողմերը բաց են խնդիրի լուծման ուղիները քննարկելու համար: Մենք պէտք է ապագային եւս աջակցինք այդ բանակցութիւններուն», նշած է ան:

Share this Article
CATEGORIES