«ՀՅԴ-ն Երեւանի Մէջ Ամէնօրեայ Քաղաքական Ներկայութիւն Պիտի Ապահովէ» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան

Լիլիթ Գալստեան
ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց, որ դժբախտաբար ՀՅԴ-ն չէ ներկայացուած Երեւանի աւագանիին մէջ եւ այնտեղ իր տեսակէտները քաղաքական պաշտօնական ձեւաչափով արտայայտելու կարելիութիւն չունի, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ քաղաքապետին կից հանրային խորհուրդներուն մէջ այդ տեսակէտները չի կրնար արտայայտել: Ան տեղեկացուց, որ քաղաքապետին կից հանրային խորհուրդներուն մէջ ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէն աշխուժօրէն պիտի ներկայացնէ իր մօտեցումները եւ տեսակէտները:
Ըստ Լիլիթ Գալստեանի, Դաշնակցութիւնը ամէնէն կարեւորը կը նկատէ քաղաքացիներուն իր մօտեցումները հասանելի դարձնելը եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելը:
Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ Երեւանի կառոյցի` Երեւանի զարգացման ծրագիրին եւ պիւտճէին վերաբերեալ մօտեցումներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք ներկայացուած են քաղաքապետարան, ապա անոնց մէջ, ըստ Լիլիթ Գալստեանի, ոչ միայն խնդիրները կը մատնանշուին, այլեւ անոնց լուծման բանաձեւեր կ՛առաջարկուին: Լիլիթ Գալստեան նաեւ յայտնեց, որ այդ բանաձեւերը կը բխին ՀՅԴ-ի արժէքային համակարգէն, նախընտրական ծրագիրներէն, հանրութեան տուած խոստումներէն, բայց անշուշտ իրենց առանցքին մէջ ունին Երեւանի եւ երեւանցիի շահերը:
«Այս առաջարկը ներկայացուցինք քաղաքապետարան: Մեզի ըսին, որ այո՛, ճիշդ է այն քննադատութիւնը, որ քաղաքապետարանը տակաւին ծրագրային պիւտճէաւորում չունի, բայց կը նախատեսէ 2015 թուականէն սկսեալ սկսիլ պիւտճէական ծրագրաւորման: Այս պատասխանը շատ կը լսենք` առայժմ միջոցներ չունինք, հաշուի կ՛առնենք, կը քննարկենք եւ այլն», ըսաւ Լիլիթ Գալստեան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ի արժէքներու տիրոյթին մէջ իրենք պէտք է ամէնուր ըլլան, ուր որ երեւանցիի իրաւունքները կ՛ոտնահարուին:
ՀՅԴ Երեւանի մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց նաեւ, որ իրենք չեն պատրաստուիր պարզապէս ներկայացնել իրենց մօտեցումները եւ ձեռնածալ մնալ. ՀՅԴ Երեւանի մարզային կառոյցը Երեւանի մէջ քաղաքական ներկայութիւն պիտի ապահովէ ամէնօրեայ դրութեամբ:

