ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Եւ Երիտասարդական Միութիւնները Ցոյցերով Պիտի Դիմաւորեն Տաւութօղլուն

Nigol-AghpalianՍեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան յանձնախումբի աշխատանքներուն  մասնակցելու նպատակով վաղը Հայաստան պիտի ժամանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:

Այցելութեան առիթով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները կը նախաձեռնեն բողոքի ցոյց` Թուրքիոյ եւ համաշխարհային հանրութեան յիշեցնելու, որ հայութիւնը ճանաչում եւ հատուցում կը պահանջէ:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւնները այս ցոյցով իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն` ըսելով STOP ցեղասպանութեան, STOP ուրացման, STOP պատմութեան խեղաթիւրման, STOP անարդարութեան:

Միութիւնները նպատակ ունին Թուրքիոյ յիշեցնելու, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը պահանջներ ունին Թուրքիայէն, եւ քանի տակաւին Թուրքիոյ իշխանութիւնները չեն գիտակցիր, որ անհրաժեշտ է օր առաջ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ատիկա ճանչնալու եւ հետեւանքներու հատուցման պատասխանատուութիւնը կը ձգեն իրենց ապագայ սերունդներուն վրայ:

Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ վաղը` առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մօտ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES