Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Հայ-Թրքական Ճամբու Նոր Քարտէսի Մասին Լուրը

Տիգրան Բալայեան

Տիգրան Բալայեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան «ՍիվիլՆեթ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հերքէ «Առաւօտ» օրաթերթի 10 դեկտեմբերի թիւին մէջ հրապարակուած այն լուրը, թէ Հայաստան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ճամբու նոր քարտէս մշակած է եւ զայն փոխանցած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին:

«Մեր դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հարցով յստակ է եւ վերջին տարիներուն փոփոխութիւն չէ կրած. անիկա հետեւեալն է` ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացում եւ կեանքի կոչում», ըսած է Բալայեան` ակնարկելով 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները:

Ըստ «Առաւօտ»-ի դիւանագիտական աղբիւրներուն, Հայաստան գաղտնի խողովակներով Տաւութօղլուին փոխանցած է երեք կէտերէ բաղկացած ճամբու քարտէս մը:

«1- Թուրքիա հրապարակաւ կ՛ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, իր պատասխանատուութիւնը եւ կ՛ապաշխարէ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ:

2- Անյապաղ կը բանայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէ Հայաստանի հետ:

3- Ատկէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ Թուրքիա կը կարենայ հանդէս գալ խաղաղարար ջանքերով եւ իրաւունք կը ստանայ հասարակական ծրագիրներ իրականացնել պատերազմի հռետորութեան վերահսկման, սահմանային միջադէպերու կանխարգիլման, արձակազէններու հեռացման եւ հասարակութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու մարզերուն մէջ:

Կ՛ենթադրուի, որ Տաւութօղլուի երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ ան կարելիութիւն պիտի ունենայ Էդուարդ Նալբանդեանին փոխանցել Անգարայի դիրքորոշումը` Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ճամբու քարտէսին վերաբերեալ», գրած էր «Առաւօտ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու 12 դեկտեմբերին Հայաստան պիտի այցելէ` մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նիստին:

Share this Article
CATEGORIES