Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Էրիք Ռուպինը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Էրիք Ռուպինը:
Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց հիւրը եւ կարեւոր նկատեց անոր այցելութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու համակողմանի եւ բազմաբնոյթ երկխօսութեան շարունակականութեան տեսանկիւնէն:
Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը: Զրուցակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին զարգացնելու այդ յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ ընդլայնելու փոխադարձ գործակցութիւնը, ուր զգալի ներուժ կայ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն: Նախագահ Սարգսեան եւ Ռուպին միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային եւ միջազգային շարք մը խնդիրներու շուրջ:

