Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

horoscope

 

 

 

 

 

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Դուք արուեստական խնամքի կամ գեղեցկանալու  միջոցառման պէտք չունիք, որովհետեւ ունիք բնական գեղեցկութիւն եւ վայելուչ ձեւ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երեւակայական հիւանդութիւններու մասին մի՛ մտածէք, որովհետեւ ատիկա կը յոգնեցնէ եւ կը կաշկանդէ: Եթէ ունիք աննշան հարցեր, կրնաք ձեր միջոցներով բարելաւել ձեր վիճակը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ծրագիրները կը զարգանան, եւ ձեր բարեկամները պատրաստ են ձեզի օգնելու: Այս բարիքը միշտ պիտի յիշէք: Մնացէք ինքնավստահ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբեմն կ՛ունենաք պահեր, երբ դուք կը զգաք յուսահատ կամ լքուած: Այսօր այդ օրերէն մէկն է: Մի՛ յուսալքուիք, վաղը նոր արեւ մը կը ծագի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նոր շարժումի, փոփոխութեան կարիքը ունիք, ճամբորդութեան մը ձեռնարկելը թերեւս լաւագոյն փոփոխութիւնը պիտի ըլլայ: Մտածեցէք այս կապակցութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւատեսութեամբ ներշնչուած էք: Կը հաւատաք, որ ձեր մշակած ծրագիրը պիտի յաջողի եւ պիտի կարենաք ձեր նպատակին հասնիլ: Հաւատքը կը փրկէ ձեզ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը կասկածիք դուք ձեր վրայ, երբ կը մտածէք ծրագրի մը մասին: Ձեր կասկածը կը վերաբերի դրամական հարցի, որովհետեւ կը վախնաք կորսնցնելէ: Ինքնավստահ եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի չքաշուիք` քննադատելու ձեր գործակիցները, եթէ անոնք սխալներ գործած են: Մնացէք անկեղծ, բայց նոյն ատեն` յարգալիր ու արդար:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձմեռնային օրերը կը մօտենան, եթէ կը փափաքիք ձմեռնային մարզանքի հետեւիլ, պատրաստուեցէք այժմէն, որպէսզի կիրարկէք արձակուրդի պահու:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարօտը ունիք միանալու ձեր մէկ սիրելիին, կամ` զայն հրաւիրելու ձեր մօտ: Փոխանակ մտածելու այդ մասին` գործի անցէք անմիջապէս:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տօնական օրերու նախօրեակին փորձառութիւնները բազմացած են: Ամէն ցուցափեղկի առջեւ մի՛ կենաք, որպէսզի ձեր գրպանը չպարպէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը շատ յարմար է հաշտուելու համար: Ոչ ոքի հանդէպ ոխ պահեցէք, բարեկամութիւնը լաւագոյն դարմանն է օրը խաղաղ անցընելու: Սիրով եղէք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )