50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1963)

Նոթեր Ու Նետեր

Մեր Անուններն Ու Մականունները

Ֆրանսահայերէն ոմանց անուններն ու մականունները ենթարկուած են ճարպիկ փոփոխութիւններու` հրաժարելով հայկականութենէ ու մտնելով ֆրանսական աւազանի մէջ:

Եւ այդպէս, Հրանդներն ու Հրաչները եղած են Հանրի: Երուանդներն ու Եդուարդները` Էտուար: Լեւոնը եղած է Լէոն, Ռուբէնը` Ռոպէն, Ժիրայրը` Ժերար, Արմէնն ալ բնականաբար վերածուած է սիրահարի, այսինքն` Արմանի:

Հայկուհին եղած է Հիւկեթ, Շուշանը` Սիւզան, Վերգինէն` Վիվիան եւ այլն:

Մասնաւորապէս Ժան անունը դարձած է չափազանց գործածական: Բոլոր «ճեան» վերջացող մականունները փոխուած են Ժանի. այսպէս, Պասմաճեանը եղած Պասմա Ժան, Գաւուքճեանը` Գաւուք Ժան, Թաւուքճեանը` Թաւուք Ժան, Բաչաճեանը` Բաշա Ժան, Գահվէճեանը` Գաֆէ Ժան, Պալըքճեանը` Պալուք Ժան, Գազանճեանը` Գազան Ժան, իսկ Մէզարճեանը` Մէզար Ժան:

Անուններէն Մերուժանն ալ եղած է Միու Ժան, իսկ Վարուժանը` Վարու Ժան:

Մէկն ալ կը ճանչնամ, որուն անունը Ատրուշան էր, փոխելով` ըսաւ Արթիւր Ժան. ապա տեղափոխելով եղաւ Ժան Արթիւր: Եւ որովհետեւ մականունն ալ Եազմաճեան էր, կոչուեցաւ Ժան-Արթիւր Եազմա Ժան, որով սկսաւ շողշողալ երկու «Ժան»-ով: Ֆրանսացի բարեկամները` «Ժան-Արթիւր Եազմա Ժան» անունին ու մականունին մէջէն հանելով ու նետելով «Արթիւր»-ն ու «Եազմա»-ն, կարճօրէն անուանեցին զինքը «Ժան-Ժան»: Եւ ինք գոհ մնաց նոր անունովը կրկնապէս պատուարժան:

Յովհաննէս Շալվարճեան անուն մէկն ալ պզտիկ անունը թարգմանելով` ըրաւ Ժան. իսկ Շալվարճեան մականունն ալ վերածեց «Վալժան»-ի, ու եղաւ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառներ»ուն հերոսը` Ժան Վալժան: Այս նոր Ժան Վալժանը սակայն, թշուառ մը չէ, այլ` թշուառական մը, որովհետեւ ինքն իրեն կնքահայր ըլլալէն ի վեր, ձայնի արագութեամբ բայց անձայն կերպով հեռացաւ հայութենէ:

* * *

Զանազան առիթներով, պոլսահայ մամուլին մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ մականուններուն.

– Այրի տիկին Աղաւնի Կիւլպահճէ, այրի տիկին Բրաբիոն Էրտինչ, այրի տիկին Նազլու Թիւմէր, այրի տիկին Կիւլնար Կիւվէրճին, Եպրաքսէ Անաչա, Նեմզուր Գրլանկըճ, Փուփուլ Թէրճիւման, Էֆրազ Ըլկար, Էֆթիկ Թէլֆէլի, Տիւրիկ Տէրտիար, իսկ պարոններէն` Աբրահամ Կիւլսալ, Թումիկ Րաքըճը, Մուրատ Թիւճճեար, Յուսէփ Պէօյիւքթանսէլ, Արթին Պէօյիւքպաշ եւ այլն:

Ծնունդներու մէջ կը պատահինք երկսեռ հայորդիներու, որոնք կը փայլին եւրոպական անուններով ու թրքական մականուններով, ինչպէս` Մայտա Փափատա, Արման Զիպիտի, Լիլի Մէշհուրօղլու, Միշէլ Ալաճա, Նատիա Քիթապճը, Պաթիսթ Օսմանլըօղլու:

Կատարեալ ֆրանքօ-թրքական մերձեցում մը` նախաձեռնութեամբ հայերու:

Կամ բաբելական բարեկենդան մը` եւրոպական դիմակով ու թրքական դմակով:

* * *

Ձուկը գլխէն կը հոտի, կ՛ըսեն:

Մենք կ՛ըսենք.

– Ափսո՜ս, ձուկը Սեւանի մէջ հոտած է, աւելի ճիշդը` Երեւանի մէջ:

Քանիոն, Սերգէյներ, Վլատիմիրներ, Ալեքսիներ, Նորաներ, Նատիաներ, Օֆելիաներ ժողովուրդին մէջ, հինէն ի վեր, հիմակ անհաշուելի:

Բայց ի՞նչ ըսել երեւանեան կարգ մը գրողներու օտարախառն իրական անուններուն եւ կեղծանուններուն, ինչպէս` Գուրգէն Մահարի, Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին եւն.:

Մեր «փոքր ածու»-ին մէջ մեծ հոգիներ կան, որոնք այլասէրներ են, ու հայութեան հետ կը սիրեն նաեւ ուրիշ ազգեր:

Բայց թոյլ տանք, որ միւս ազգերու պատկանողները մեզ սիրեն:

Այլասիրութիւնը մինչեւ այլասերում երթալու չէ:

Վերոյիշեալ գրողներուն ազգային զգացումներուն ջերմութեան մասին չունինք կասկած` կորեկի հատիկի չափ: Սակայն, քմայքի մը պատճառով, ակամայ գէշ օրինակ կը հանդիսանան: Ես կը ճանչնամ հայեր, որոնք յիշեալ գրողներուն կը հետեւին կապկօրէն` ընտրելով եւրոպական կամ ասիական անուններ:

Բայց ես տակաւին չտեսայ մէկ օտար գրող, որ գործածէ հայկական անուն:

Մեր գետին նետածները օտարը ինչո՞ւ վերցնէ ու վրան կրէ:

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մեր հայրերը իրաւունք ունին, երբ կը հայացնեն օտար անձնանունները` Ժան Ժագ Ռուսոն ընելով Յովհաննէս Յակոբ Ռուսօ: Կապրէլ Տանունցիոն ընելով` Գաբրիէլ Տանունցիոյ, Միքէլ Անճելոն ընելով` Միքայէլ Անճելոյ, իսկ Ժորժ Սանը` Գէորգուհի Սան:

Կարծէք` տեսակ մը անմեղ փոխ վրէժ է այս թարգմանական արարքը:

Կ՛արժէ մանաւանդ հայացնել հայերու անուններն ու մականունները:

Օրինակ առնենք սա անուններուն գեղեցկութենէն, ներդաշնակութենէն ու հայութենէն.

– Կարօ Սասունի,
Տիգրան Ոսկունի,
Սարգիս Սարունի,
Հրաչ Քաջարենց,
Վահէ Օշական,
Գարեգին Սարգիսեան (ծ. վրդ.)

Գա՞նձ մըն է ունենալ հայկական աղուոր անուն մը, ու զայն առաւել եւս գեղեցկացնել, տառապանքի եւ տաղանդի քայլերով ու մաքրութեամբ:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )