«Չեմփիընզ Լիկ»-19 Տարեկանէն Վար Մրցաշարք. Օլիմփիաքոս – Անտըրլեխթ Մրցումին Իրաւարարը` Սուրէն Պալեան
Ինչպէս ծանօթ է, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ նոյն մրցաշարքին 19 տարեկանէն վար մրցաշարքը, որ կը կոչուի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանիներու լիկա:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Օլիմփիաքոս – Անտըրլեխթ մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Սուրէն Պալեան` Հայաստանէն: Անոր օգնականները եւս պիտի ըլլան հայրենի իրաւարարներ:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

