Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին. Ճատրակի Ս. Ծննդեան Տարիքային Մրցաշարք` Ֆրերներու Ֆըրն Շըպպեքի Վարժարանին Մէջ

chess1024x768Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան տարիքային 15-րդ մրցաշարքը:

Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետ Ռեմոն Սըմաանի հովանաւորութեամբ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին պիտի կատարուին երեք դասակարգերու մրցումներ. դասուածներ, չդասուածներ եւ կրտսերներ (15 տարեկանէն վար):

Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ երեկոյեան ժամը 17:30-ին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն Էլի Խէյրալլայի հետ` հեռաձայնելով 03-883225 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES