Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Նոր Հրատարակութիւններու Ցուցահանդէս`
Թաւրիզի Ազգային Դպրոցէն Ներս

tavriz19112013Հովանաւորութեամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Կրթական հիմնարկին, 19 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Թաւրիզի ազգային «Թամարեան-Սահակեան» դպրոցի գրադարանին մէջ գործող մանկապատանեկան հրատարակչատուներու կողմէ երկրի կրթական հաստատութիւններու համար պատրաստուող նորագոյն հրատարակութիւններու ցուցահանդէս:

Առաւօտեան դպրոց այցելեց Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան` ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի անդամներուն:

Գիրքերը կ՛ընդգրկէին պատմական, դիցաբանական, գիտական, բնագիտական, աստղագիտական, բարոյագիտական, մարդակազմութեան եւ այլ նիւթեր:

Գիրքերու նիւթերու տարբեր խմբաւորումներու մասին ներկաներուն հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրոցի տեսչուհի Արմինէ Վահրամեան` նշելով նաեւ աշակերտներուն հետաքրքրութեան աստիճանը, իւրաքանչիւր նիւթի առնչութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ սոյն հրատարակութիւնները մեծապէս կը նպաստեն  երեխաներու ընդհանուր զարգացման հորիզոնի ընդլայնումին:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսի ընթացքին նաեւ ցուցադրուած էին հայերէն գիրքեր, որոնք Թեհրանի հայոց թեմի քրիստոնէական դաստիա-րակութեան հրատարակութիւններն են, որոնք Ատրպատականի հայոց թեմին կողմէ տրամադրուեցան Թաւրիզի հայոց ազգային դպրոցի գրադարանին:

 

Լիթվիա

Հայկական Շարժապատկերի Շաբաթ

Նոյեմբեր 25-էն Վիլնիւսի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայկական շարժապատկերի շաբթուան:

Ձեռնարկի առաջին օրը ներկայացուեցաւ Արտակ Իգիթեանի եւ Վահան Ստեփանեանի «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ժապաւէնը: Բացման խօսքով հանդէս եկան Լիթվիոյ  մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Այվազեան եւ Լիթվիոյ շարժապատկերի միութեան նախագահ, բեմադրիչ Գիտիս Լուկշաս: Հայկական շարժապատկերի շաբթուան փառատօնի շրջանագիծին մէջ, մինչեւ 29 նոյեմբեր, Վիլնիւսի մէջ պիտի ցուցադըրւին նաեւ վերջին տարիներուն նկարահանուած հայկական լաւագոյն ժապաւէնները`  «Եթէ բոլորը», «Խճճուած զուգահեռներ», «Սասունցի Դաւիթ», ինչպէս նաեւ` շարք մը այլ ժապաւէններ:

 

Ռումանիա

Պարգեւներու Յանձման Արարողութիւն

roumania21112013Նոյեմբեր 21-ին Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայոց լեզ- ւի ուսուցման բնագաւառէն ներս գործիչներու պարգեւատրման արարողութիւն: Կրթութեան եւ գիտութեան ծիրին մէջ ունեցած աւանդի եւ հայապահպան գործունէութեան համար Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատուոյ գիրերով պարգեւատրուեցան հայերէնը որպէս օտար լեզու դասաւանդման «Կռունկ Հայաստանի» քառահատոր դասագիրքի հեղինակ, Պուքրէշի համալսարանին մէջ հայոց լեզուի դասախօս, մանկավարժական գիտութիւններու մասնագէտ  տոքթ. Աիդա Մարկոսեան եւ ռումանահայերու համար արեւմտահայերէնի դասագիրքի հեղինակ, Պուքրէշի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի վաստակաշատ մանկավարժ, փրոֆ. Ուլնիա Բլանարու Մականեան:

Նոր սերունդի հայապահպան դաստիարակութեան, կրթութեան գործին մէջ ունեցած ներդրումին համար Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան շնորհակալա- գրերով պարգեւատրուեցան Պուքրէշի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներ Արշալոյս Պարոնեան եւ Նարինէ Պոգդան Կաուշ: «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու համար սփիւռքի նախարարութեան հաստատագիրը յանձնուեցաւ Պելա Մարտիկեանին ղեկավարած Պուքրէշի «Վարդավառ» պարախումբին:

Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան Հայաստանի կառավարութեան անունով երախտագիտական խօսքեր յղեց սփիւռքի տարածքին հայապահպանման գործին մէջ մեծ վաստակ ունեցող հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, որոնք ստանձնած են սփիւռքի երիտասարդութիւնը հայ դաստիարակելու պատասխանատու գործը:

Գնահատանքի խօսքերով ելոյթ ունեցան նաեւ Ռումանահայոց միութեան գլխաւոր քարտուղար Պերճ Մարգարեան եւ դոկտ. Լեւոն Չուքասզեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

Երաժշտական Երեկոյ`
Ի Յիշատակ Փոլ Մոթեանի

jazz_AGBUՎերջերս կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի, Նիւ Եորքի «Լէօ Փուասոն Ռուժ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ` ի յիշատակ հայազգի հանրածանօթ թմբկահար Փոլ Մոթեանի, անոր  մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով:

Այս առթիւ հրաւիրուած էր հարուածային գործիքներու մասնագէտ Արթօ Թիւնչպոյաճեան, որ նախապէս գործակցած էր Մոթեանին հետ: Անոր կողքին, ելոյթ  ունեցան Նորա Կարապետեան (բամբ ջութակ), Մայքըլ Սարեան (փող), Լիւսի Եղիազարեան (ջութակ եւ երգեցողութիւն) եւ Տաթեւ Եղիազարեան (դաշնակ եւ երգեցողութիւն):

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Մոթեանի գործերէն մաս մը, յատկապէս «Քրենսթընի Բու»-ն:

 Հայկազեան Համալսարանի Ճաշկերոյթ

Նոյեմբեր 9-ին Լոս Անճելըսի «Ուիլշայր քաունթրի քլապ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտից միութեան տարեկան ձեռնարկը:

Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց սրբազան հօր օրհնութեան խօսքը:

Իր խօսքին մէջ սրբազանը վեր կ՛առնէր համալսարանին դերը` Լիբանանի հայ եւ ոչ հայ ուսանողներու կազմաւորման մէջ, նշելով, որ համալսարանին ներգործութիւնը կը տարածուի նաեւ Լիբանանի սահմաններէն դուրս, Միջին Արեւելքի մէջ եւ անկէ անդին: Ան նաեւ օրհնած էր վաստակը համալսարանի ծառայողներուն`  յաջողութիւն մաղթելով անոր երթին:

Առաջնորդը Ընդունեց Արժանթինի Առաջնորդ
Գիսակ Արք. Մուրատեանին Այցելութիւնը

Arch.Mardirossian_ArgentineՆոյեմբեր 26-ին Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արժանթինի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուէր:

Առաջնորդ սրբազանը որոշ տեղեկութիւններ փոխանցեց Ազգ. առաջնորդարանի եկեղեցա- նուէր, կրթական ու յարակից աշխատանքներուն մասին` վեր առնելով մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային վարժարաններուն կողմէ մեր ժողովուրդին ու աշակերտութեան մատուցուած ծառայութիւնները:

Խօսակցութիւնը ընդգրկեց նաեւ Ս. Էջմիածինի մէջ աւելի քան ամիս մը առաջ տեղի ունեցած Հայց. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը, նկատի ունենալով, որ երկու սրբազան հայրերը մասնակից էին պատմական ժողովին:

Հանդիպում Ճէյսըն Քենիի Հետ

Նոյեմբեր 22-ին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան Մոնրէալի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի հետ, որուն ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով  քանատական շարք մը ծրագիրներ:

 

Քանատա

Գիրքի Շնորհահանդէս

Kirki-Shenorhahantes_23112013Նոյեմբեր 23-ին Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպեց Մեթիու Քարանեանի «Արմինիա էնտ Ղարաբաղ. տը սթոն կարտըն» անգլերէն ճամբորդական ուղեցոյցին երրորդ` համալրուած հրատարակութեան շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան, որ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ համապարփակ անգլերէն ուղեցոյցին առկայութիւնը:

Մեթիու Քարանեան լուսանկարներով ներկայացուց Հայաստանի տարբեր շրջանները:

 

Մոնթէվիտէօ

Համազգայինի «Շիրազ»
Պարախումբի Համերգ

shiraz-barakhoump24112013Նոյեմբեր 24-ին «Նոթարիատօ» թատրոնի բեմին վրայ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբը:

Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարի ուսուցիչն է Վահրամ Համբարձումեան, որ Պուէնոս Այրfսի «Քոլոն» աշխարհահռչակ թատրոնի պալէի առաջին մենակատարն է նաեւ, միեւնոյն թատրոնի մենապարուհիի մը հետ, Ա. Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէէն հատուած մը ներկայացուց, ուր ի յայտ եկաւ անոր արհեստավարժ մենակատարի տաղանդը:

 

Աւստրալիա

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան
Աւստրալիոյ Հայ Համայնքներու
Կրթամշակութային Հարցերու Լուծման Համար
Աջակցութեան Ծրագիրը Կը Շարունակուի

sydney_Ministry-of-DiasporaԱւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան ընդունեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Աւստրալիոյ հայ համայնքներու կրթամշակութային հարցերու լուծման աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս Սիտնի գտնուող պատուիրակութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` սրբազան հայրը, Աւստրալիոյ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան յանձնախումբի կազմակերպիչ Հայկ Լեփեճեանը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակից Կրեթա Մնացականեանը: Հանդիպման ընթացքին  խօսուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան եւ Աւստրալիոյ հայ համայնքներու հարցերուն մասին:

Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցան Լէյլա Սարիբէկեան, Արսէն Գրիգորեան, Սոնա Շահգելդեան, Գարիկ Սարիբէկեան, Տաթեւիկ Հայրումեան:

Խումբը այցելեց նաեւ հայկական ամէնօրեայ «Արշակ եւ Սոֆի Գոլսթըն» եւ «Ալեքսանդր» վարժարանները: Աշակերտները ներկայացան փոքրիկ համերգային ծրագրով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES