ՊԻԱՖ-ի «Տարուան Իւրայատուկ Յաջողութեան Պատմութեան» Մրցանակը` Շահէ Երեւանեանին

Քլոտիա Ապի Նատեր, տէր եւ տիկին Շահէ Երեւանեաններ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, ՊԻԱՖ-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ տոքթ. Միշել Տահեր, յանձնախումբի անդամ Րաֆֆի Ետալեան եւ կինը, տիկին Տահեր
Չորրորդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մրցանակներու փառատօնը հինգշաբթի, 21 նոյեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, «Պիել»-ի «Փաւիոն ռոյալ» շքեղ սրահին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով քաղաքական գործիչներու, արուեստագէտներու եւ գործարար մարդոց:
Պէյրութի միջազգային մրցանակներու փառատօնը (ՊԻԱՖ) տարեկան իրադարձութիւն մըն է, որուն ընթացքին կը պարգեւատրուին իրենց իրագործումներով յատկանշուած անձեր` արուեստի, քաղաքականութեան, մշակոյթի, երաժշտութեան, տնտեսութեան, մարդասիրական աշխատանքի եւ այլ մարզերու մէջ:
ՊԻԱՖ-ի կազմակերպիչ յանձնախումբը բաղկացած է զանազան մասնագիտութիւններէ եւ մարզերէ եկած անձնաւորութիւններէ: Այս յանձնախումբին հիմնական նպատակն է մեծարել այն անձնաւորութիւնները, որոնք արժանի են ճանչցուելու: Այս մեծարանքը կը միտի նաեւ լոյս սփռել պարգեւատրեալներուն ասպարէզին, կենսագրութեան եւ ձգած աւանդին վրայ:
ՊԻԱՖ-ի կազմակերպիչ յանձնախումբին անդամներէն մէկն է լիբանանահայ գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեան: Անցնող չորս տարիներուն ընթացքին գլխաւորաբար անոր ջանքերով անպայման նշեալ փառատօնին ընթացքին իր իրագործումներուն յատկանշուած հայ մը կը պարգեւատրուէր: Այսպէս, առաջին փառատօնին ընթացքին պարգեւատրուած է գեղանկարիչ Հրայրը, երկրորդին` գեղանկարիչ Կիւվտեր, իսկ երրորդին` գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան:
ՊԻԱՖ-ի այս տարուան փառատօնին գլխաւոր պարգեւատրեալը` իբրեւ «Յաջողութեան պատմութեան մրցանակ»-ին (Սաքսես սթորի ըուորտ) արժանացած անձ, լիբանանահայ յայտնի գործարար, շինարարական աշխատանքներով զբաղող «Սայֆքօ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Շահէ Երեւանեանն է:

Շահէ Երեւանեան
Նախկին երեսփոխան Արա Երեւանեանին զաւակը` Շահէ Երեւանեան, 1983-էն սկսեալ Քանատա եւ Ֆրանսա հաստատուելէ ետք, 1995-ին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը միանայ «Արա Երեւանեան եւ որդիք» (ՍԱՅՖՔՕ) ընկերութեան, որ 1960-ականներէն ի վեր մասնագիտացած է միջին եկամուտի տէր մարդոց համար բնակելի շէնքերու շինարարութեան աշխատանքին մէջ: 2000 թուականին նախկին երեսփոխան Արա Երեւանեանին մահէն ետք Շահէ Երեւանեան ամբողջութեամբ ինք կը ստանձնէ ընկերութեան տնօրինումը եւ կը նախաձեռնէ քանի մը բնակարանային եւ առեւտրական շինարարական ծրագիրներու իրագործման: 2004 թուականին ան վերատեսութեան կ՛ենթարկէ ընկերութեան կառուցուածքը` զայն վերածելով «Սայֆքօ Հոլտինկ»-ի: Սկզբնապէս ընկերութեան ծրագիրները սահմանափակուած էին միայն Մեթնի շրջանին մէջ, սակայն որոշում կայ արդէն շինարարական գործունէութեան ծիրը ընդարձակելու` անոր մէջ ներառելով լիբանանեան այլ շրջաններ եւս:
ՊԻԱՖ-ի մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի ալ տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: «Յաջողութեան պատմութեան մրցանակ»-ին տիրանալէ ետք (մրցանակին յուշանուէրը դարձեալ գործն է գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանի), Շահէ Երեւանեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց. «Այս մրցանակը կը նուիրեմ բոլոր «Սայֆքօ»-ն սիրողներուն, որոնք հաւատացին եւ զօրավիգ կանգնեցան մեզի: Լիբանանի մէջ բնակող թէ արտագաղթած մեր երիտասարդ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կ՛ըսեմ. «Դուք ալ կրնաք իրագործել այն, ինչ որ կը ծրագրէք, եւ որուն կը ձգտիք, ինչպիսին ալ ըլլայ երկրին կացութիւնը: Հաւատացէք դուք ձեզի, դրական եղէք, շարունակեցէք ձեր ընթացքը` ի՛նչ ալ ըլլայ կացութիւնը, եւ աշխարհին պիտի տիրանաք: Այս երկիրը ձերն է, եւ դուք էք ապագան, այլ ընտրանք չունիք բացի միասնակամ ըլլալէ: Բոլորս ալ լիբանանցի ենք եւ այս է իրականութիւնը: Միայն լիբանանցի: Ամբողջ երիտասարդ սերունդին կ՛ըսեմ. կառչած մնացէք ձեր երկրին, որովհետեւ Լիբանանը փոխարինող այլ երկիր չկայ: Մենք կ՛ապրինք աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ երկիրներէն մէկուն մէջ, եւ շատեր մեզմէ կը նախանձին այդ պատճառով: Միայն դուք այս երկիրը կրնաք փոխել դէպի աւելի լաւը, դուք էք ձեր ճակատագրին տէրը, ապագան ձերն է»:
ՊԻԱՖ-ի 2013-ի փառատօնին պատուոյ հիւրն էր լիբանանցի երաժիշտ Զիատ Ռահպանի: Պարգեւատրեալներն էին` բանաստեղծ Թալալ Հայտար, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ, դերասան Ռաֆիք Ալի Ահմետ, դերասանուհի Ուաֆաա Թարապայ, թունուզցի երաժիշտ Լոթֆի Պուշնաք, երաժիշտ եւ յօրինող Ուսամա Ռահպանի, գործարար Ալի Ժապըր, եգիպտացի դերասանուհի Եուսրա, եգիպտացի դերասան Էզզաթ Ալայլի, սուրիացի դերասան Ապըտ Ֆահըտ, էմիրութիւններէն երգիչ Հիւսէյն Ժասմի, երգիչ Էլիսսա, պատկերասփիւռի խօսնակ Կեպի Լթէյֆ, դերասանուհի Նատին Ռասի, երգիչ Ղասսան Սալիպա, գեղանկարիչ Շաուքի Շամուն, քաթարցի տիեզերագէտ Խալետ Սուպայի, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ, ձայնասփիւռի խօսնակ Ուարտէ Զամել, դերասան Թոնի Ապու Ժաուտէ եւ այլ անձնաւորութիւններ:
ՊԻԱՖ-ի այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը անշուշտ իւրայատուկ արժէք ունի` «Տարուան իւրայատուկ յաջողութեան պատմութիւն» մրցանակին Շահէ Երեւանեանին յանձնուելուն առիթով: Ասիկա հպարտառիթ երեւոյթ է լիբանանահայութեան համար:

