«Դժուարութիւններ Կան, Սակայն Մեր Երկիրն Է, Մեր Հայրենիքն Է, Որ Մեզի Կու Տայ Այնպիսի Զգացողութիւններ, Այնպիսի Հնարաւորութիւններ, Որ Ոչ Մէկ Երկիր Կու Տայ, Հոս Կը Տեսնենք Կեանքի Մէկ Ուրիշ Որակ, Հայ Մնալու Լաւագոյն Հնարաւորութիւն» Կ՛ըսէ Վարդան Մարաշլեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Vartan-MarashlianՀայաստանը հակասութիւններու երկիր է: Ամէն վայրկեան այդ հակասութիւններու բախման կեդրոնն ենք. գրեթէ ամէն օր կը լսենք երկիրը լքող հայերու մասին, միւս կողմէ ալ ամէն օր կը տեսնենք դուրսէն եկած եւ Հայաստան հաստատուած հայեր. անոնց թիւը վերջին տարիներուն նկատելիօրէն աւելցած է: Սխալած չենք ըլլար ըսելով, որ մանաւանդ վերջին 5-10 տարուան ընթացքին տարբեր երկիրներէ եկած եւ Հայաստան հաստատուած հայերը նոր մտածողութիւն բերած են Հայաստան:  Թարմութեան, նորութեան, հայրենիք վերադառնալու այդ շունչը կարելի է զգալ մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ  ստեղծուած «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի գրասենեակին մէջ: Գրասենեակը կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան փողոցին վրայ. լուսաւոր ու գեղեցիկ գրասենեակին մէջ կ՛աշխատին լուսաւոր ու ժամանակակից մտածողութեամբ մարդիկ, որոնց ամէնօրեայ աշխատանքը կ՛առնչուի Հայաստան վերադարձած կամ վերադառնալ պատրաստուող հայերուն:

Այդպիսի լուսաւոր  մարդոցմէ է «Վերադարձ Հայաստան»   հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեանը, որ նոյնպէս Հայաստան վերադարձած հայ մըն է (2010-ին վերադարձած է Ռուսիայէն) եւ իր ու վերադարձած ընկերներու հետ ալ մէկ տարի առաջ 12 հոգիով  ստեղծած են «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը: Այսօր հիմնադրամը Հայաստանի մէջ հայրենադարձութեամբ զբաղող ամէնէն նշանաւոր կառոյցն է: Ան տարբեր օժանդակութիւն կը տրամադրէ վերադարձող հայերուն` սկսած կապերու հաստատումէն,  օրէնքներու եւ տարբեր հարցերու  ծանօթացումէն, մինչեւ աշխատատեղերու հայթայթում. իսկ ամէնէն կարեւորը` հիմնադրամը կը ստեղծէ ընկերային միջավայր  մը, որուն մէջ հայրենադարձ հայն ինքզինք հարազատ ու վստահ կը զգայ: Ամէն ամիս «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամը կը կազմակերպէ հաւաք-հանդիպումներ, որոնց ընթացքին տարբեր երկիրներէ Հայաստան   վերադարձած հայերը կը քննարկեն ամէնէն տարբեր ծրագրեր, կը ծանօթանան եւ    նախագիծեր կը մշակեն ապագայի նոր ու վստահելի միջավայրին համար:

Հիմնադրամը կը համագործակցի նաեւ նման նպատակ ունեցող այլ կազմակերպութիւններու հետ` «Դէպի Հայք», «Երկիր եւ մշակոյթ, սեփական եւ պետական կառոյցներ եւ այլն,

Վարդան Մարաշլեանը մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, ութ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ, աշխատած է ռուսական նշանաւոր շատ մը դրամատնային եւ այլ կառոյցներու մէջ, 1999-2000 թուականներուն աշխատած է իբրեւ  Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի օգնական, ինչպէս նաեւ 2010-ին եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի փոխնախարարը:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հիմնադրամի ստեղծումը իսկապէ՞ս պահի հրամայականն էր:

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ.- Կան մարդիկ, որոնք իրաւ կը մտածեն վերադարձի մասին: Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր հայի մտքին մէջ ալ անպայման տեղ մը կայ Հայաստանը, եթէ ոչ վերադառնալու, ապա` Հայաստանի հետ կապ մը ստեղծելու առումով: Այլ հարց է, թէ անոնցմէ քանի՞ն կ՛իրագործէ իր ցանկութիւնը: Մարդոց մէջ վախ մը, անվստահութիւն, չյաջողելու, չընդունուելու հեռանկար մը կայ, եւ այդ մէկը շատ բնական է: Շատեր ունին ցանկութիւն, սակայն չեն գիտեր` ուրկէ՞ սկսիլ, առաջին քայլը ո՞ր մէկը ընել: Մեր հիմնադրամը  ուսումնասիրած է եւ տակաւին կ՛ուսումնասիրէ  նոր հայրենադարձութիւնը եւ ուղիներ ցոյց կու տայ: Մանաւանդ վերջին տարիներուն, Հայաստանի եւ դուրսի հետ տարբեր ծրագրերու շնորհիւ, աւելցած է վերադառնալ ցանկացողներուն թիւը, եւ ես ալ, Հայաստան հաստատուելով ու այդ ճանապարհին առնչուելով շատ հարցերու, անձամբ տեսնելով շատ մը բաներ, զգացի, որ անհրաժեշտ է նման կառոյցի մը ստեղծումը:

Հ.- Փաստօրէն հիմնադրամը դրական տեղեկատուութիւն կը տարածէ հայրենադարձուիլ ցանկացողներուն քով:

Վ. Մ.- Նաե՛ւ: Առհասարակ, բացասական լուրերը, անյաջողութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը շատ արագ կը տարածուին  դուրսը: Եթէ մէկը Հայաստան գայ եւ զանազան  պատճառներով չյաջողի, ապա դուրսը այդ լուրը շատ արագ կը տարածուի եւ բացասականութեան դաշտ մը կը ստեղծէ: Մարդիկ յաճախ խորամուխ ալ չեն ըլլար, թէ ինչո՞ւ եղաւ այդ անյաջողութիւնը, ո՞վ էր յանցաւոր եւ այլն:  Մենք դուրսը կը տարածենք Հայաստան արդէն յաջող վերադարձածներուն փորձը, իսկ վերադարձածներ եւ յաջողածներ իսկապէս կան, որոնք  թէ՛ հասարակութեան եւ  թէ՛ գործարար դաշտին մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունին այսօր:

Մեր աշխատանքը մենք կը տանինք երեք ուղղութեամբ.

Ա.- Սփիւռքին մէջ տարածել  հայրենադարձութեան գաղափարը` հաւաքագրելով եւ տարածելով օրինակներ:

Բ.- Աջակցիլ հայ հասարակութեան մէջ այն մարդոց համարկման, որոնք որոշած են հայրենիք հաստատուիլ:

Գ.- Խթանել հայրենադարձութեան նպաստող պետական քաղաքականութեան եւ նպաստել հասարակական միջավայրի ձեւաւորման:

Մեզ ծանօթ պատմութիւնները մենք  հաւաքած ենք եւ տեսանիւթերու, պատմութիւններու, հարցազրոյցներու, լուսանկարներու միջոցով  տեղադրած ենք եւ կը շարունակենք տեղադրել մեր կայքէջին մէջ` repatarmenia.org հասցէի ներքոյ: Բոլոր մեր հերոսները  պատրաստ են ոչ միայն իրենց պատմութիւնն ու տեղեկութիւնները տրամադրելու, այլեւ  պատրաստ են աջակցելու, իրենց փորձով ճանապարհ մը ցոյց տալու նոր եկողներուն:

Մենք ծրագրած ենք հանդիպումներ ունենալ տարբեր երկիրներու մէջ, տեղւոյն վրայ խօսիլ մեր ծրագիրներուն մասին, ներկայացնել մեր աշխատանքները, պատասխանել  Հայաստանին առնչուող բոլոր հարցերուն: Նոր վերադարձած ենք Լիբանանէն, ուր  հանդիպումներ ունեցած ենք համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ երիտասարդութեան մէջ, շատ է, տեսնենք` ի՛նչ արդիւնք կ՛ունենանք: Այլ երկիրներ ալ ծրագրած ենք այցելել:

Հ.- Իսկ որո՞նք են հիմնադրամի աջակիցները:

Վ. Մ.- Հիմնադրամը հիմնած են 12 հոգի, որոնց ուղիղ կէսը հայրենադարձներ են տարբեր երկիրներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Քանատայէն, Աւստրիայէն, Ռուսիայէն եւ ունինք  գործընկերներ` Ռուսիայէն: Սկզբնական շրջանին մեր նախաձեռնութեան շուրջ հաւաքուեցան մօտ  500 հոգի, այսօր ատոնց թիւը, անշուշտ, շատ աւելին է: Առհասարակ, վերջին քսան տարիներու ընթացքին Հայաստան տեղափոխուած հայրենադարձներուն թիւը շատ աւելին է, քան մեր կազմակերպութեան շուրջ համախմբուած են, մենք տակաւին ամբողջական պատկերացում չունինք, թէ քանի՞ հայ եկած է, սակայն քանի մը հազար կան:

Հ.- Իսկ անյաջողութիւններու հիմնական   պատճառը ի՞նչ կ՛ըլլայ:

Վ. Մ.- Մեր ուսումնասիրութենէն պարզ դարձած է, որ անյաջող օրինակներու հիմնական մասին`  70-80 առ հարիւրին ձախողութեան հիմնական  պատճառը եղած է այդ մարդոց գործունէութեան  ոճը: Մարդիկ կը սկսին գործ ընել Հայաստանի մէջ եւ միշտ չէ, որ կրնան տարանջատել պիզնըսն ու բարեգործութիւնը, սխալ գործընկերներ կը գտնեն հոս, միշտ չէ, որ արհեստավարժ կը մօտենան գործին, առանց գործարար նախագիծ մշակելու` գործ կը սկսին,  ճիշդ աշխատողներ չեն ընտրեր եւ կը ձախողին: Մենք այս բացասական օրինակներն ալ դուրսը կը ներկայացնենք, այնպէս չէ, որ միայն դրականին վրայ կը հիմնուինք,  բան մը, որ  սխալ կ՛ըլլայ:

Սփիւռքի մէջ գիտէք հիմնականը ինչպէս է մտայնութիւնը. կը մտածեն, թէ Հայաստանը ապրելու տեղ չէ: Այդ կարծրատիպեր  տարածողներուն մէկ մասն ալ, անկեղծ ըսած,   այն մարդիկ են, որոնք 90-ականներուն երկրէն հեռացած են եւ իրենց դժուար օրերը յիշելով`    ամէն ինչ կ՛ընեն երկիրը սեւցնելու համար:  Շատեր նոյնիսկ իբրեւ զբօսաշրջիկ չեն ուզեր գալ Հայաստան եւ մեզի նոյնիսկ այդ կը հարցնեն` կ՛արժէ՞ գալ ու պտտիլ… Անշուշտ մենք չենք ըսեր, թէ հոս դրախտ է: Դժուարութիւններ կան, սակայն մեր երկիրն է, մեր հայրենիքն է, որ մեզի կու տայ այնպիսի զգացողութիւններ, այնպիսի  հնարաւորութիւններ, որ ոչ մէկ երկիր կու տայ, հոս կը տեսնենք կեանքի մէկ ուրիշ որակ, հայ մնալու լաւագոյն հնարաւորութիւն:

Բազմաթիւ հայեր, ըսենք` Լիբանանէն, Միջին  Արեւելքի այլ երկիրներէ, իրենց ամբողջ կարողութիւնը կը ներդնեն եւ կը տեղափոխուին այլ երկիրներ` Արեւմուտք, Եւրոպա, սակայն նոյն միջոցները կարելի է գործածել Հայաստան տեղափոխուելու եւ ապրելու, գործ մը սկսելու  համար:

Անշուշտ մենք մարդոց անիմաստ վտանգի տակ չենք դներ, ցոյց կու տանք ճանապարհը եւ կ՛ըսենք` այսքան մարդ յաջողութեամբ անցած է այս ճանապարհէն, եթէ կ՛ուզէք, մենք ձեռք կը մեկնենք, դուք ալ եկէք այս ճանապարհով:

Կան օրինակներ, երբ մարդիկ կը տեղափոխուին հոս, սակայն իրենց պիզնըսը, գործերը հիմնականը Հայաստանէն դուրս կը  ձգեն, այդ մէկն ալ վատ տարբերակ չէ: Իրենք հոս հասարակական գործ կ՛ընեն, կամ թէկուզ` պիզնըս, սակայն հիմնական գործունէութիւնը դուրսը կ՛ըլլայ:

Կան դէպքեր, երբ իրենք աշխատատեղեր կը ստեղծեն Հայաստանի մէջ, սակայն իրենց պիզնըսը որեւէ ձեւով կապուած չէ Հայաստանի ներքին փոքր շուկային հետ, այսինքն իր գործարանը կը գտնուի դուրսը, սակայն Հայաստանի մէջ մարդոց ձեւով մը կ՛ընդգրկէ գործընթացի մէջ:

Կը հասկնամ` մեր երկրին մէջ խնդիրներ կան, ե՛ւ մենաշնորհներ կան, ե՛ւ որոշ ոլորտներ կան, որտեղ թափանցելը ուղղակի անհնար է, բայց շատ ու շատ ալ ոլորտներ կան, որոնք թերզարգացած են, եւ մարդը, որ դուրսէն եկած է, փորձ, գիտելիք, կապեր ունի, արտաքին աշխարհը լաւ կը ճանչնայ, ինք կրնայ Հայաստանի մէջ այդ ոլորտներուն մէջ յաջողութեան հասնիլ: Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու մասնագէտներու  լուրջ պակաս կայ Հայաստանի մէջ, եւ մենք կը փորձենք մեր կապերու միջոցով այդ մասնագէտները գտնել դուրսի հայերուն մէջ, հայրենիք հաստատուիլ ցանկացողներուն մէջ:

Եթէ մարդը նոր եկած է Հայաստան եւ որեւէ կապ չունի, մենք որպէս առաջին կառոյց` անոր առաջին քայլը ցոյց տանք, ի դէպ, այդ քայլը իր մէջ նաեւ հոգեբանական կողմ կը պարունակէ:  Ի վերջոյ ինք ուրիշ երկիրէ մը եկած է եւ կրնայ մշակութային ցնցում մը ապրիլ, եւ մենք անմիջապէս կը գործածենք մեր հայրենադարձներու ցանցը, տեղական կազմակերպութիւններու կապերն ու գիտելիքները, որպէսզի այդ մարդիկը աւելի ճիշդ ձեւով համարկուին:

Դուրսէն մեզ դիմող հայերու հետ կը կատարենք նախավերադարձի աշխատանք. ըսենք` կը քննարկենք իր բնակութեան, երեխաներու  դպրոցական ու համալսարանական կրթութեան հարցերը, խորհուրդ կու տանք` ինչպէ՞ս տեղափոխել անձնական իրերը, ինչպիսի՞ կարգավիճակ ստանալ սկզբնական շրջանին` երկքաղաքացիութի՞ւն, թէ՞ մշտական կեցութիւն, ինչպէ՞ս վարուիլ դուրսի իրենց  ունեցուածքին հետ` վաճառե՞լ, թէ՞ առժամանակ ձգել եւ այլն: Մեզի դիմող իւրաքանչիւրին պատմութիւնը մէկը միւսին չի նմանիր, տարբեր է, եւ մենք իւրաքանչիւրին անհատական  մօտեցում ցոյց  կու տանք:

Հ.- Սուրիոյ դէպքերը կարծես համընկան ձեր հիմնադրամի ստեղծման ու գործունէութեան, եւ այսօր բազմաթիւ սուրիահայեր կու գան Հայաստան, բայց զանոնք ոչ թէ հայրենադարձներ պէտք է նկատենք, այլ` դէպքերու բերումով եկածներ: Իսկ անոնց հետ ի՞նչ աշխատանք կը տարուի:

Վ. Մ.- Մենք անոնց նոյնպէս կ՛աջակցինք, հակառակ անոր որ  անոնք ստիպուած տեղափոխուած են Հայաստան, բայց անոնց նոյնպէս հաւասարապէս ճանապարհ ցոյց կու տանք, ո՞վ գիտէ` անոնցմէ քանի հոգի կը ցանկայ մնալ Հայաստանի մէջ: Քանի հոգի ալ որ մնայ, արդէն իսկ  ձեռքբերում կ՛ըլլայ:

Հ.- Բայց որպէս կանոն` սուրիահայերու հայեացքը միտուած է դէպի Սուրիա, չեն ուզեր մնալ…

Վ. Մ.- Ատոր պատճառը հիմնականը հոգեբանական է: Անոնք կարծես թէ մեղքի զգացում ունին հոն մնացած իրենց միւս ազգականներուն եւ բարեկամներուն  հանդէպ, որ անոնք պատերազմի դաշտի մէջ են, իսկ իրենք` ապահով տեղ մը եւ օր առաջ կ՛ուզեն վերադառնալ, միանալ հարազատներուն,  տէր ըլլալ այն մշակութային հսկայական ժառանգութեան, որ ձգած են: Սակայն շատ լաւ մասնագէտներ ալ կան, որոնք կը դիմեն մեզի ե կ՛ուզեն աշխատիլ, հաստատուիլ Հայաստանի մէջ եւ կը խոստովանին, որ իրենք անպայման օր մը պիտի գային Հայաստան, պատերազմը կարծես նպաստեց այդ որոշման:

Հ.- Իսկ պետական քաղաքականութիւնը ինչպիսի՞ն է առհասարակ հայրենադարձութեան ուղղութեամբ:

Վ. Մ.- Այս պահուս չենք կրնար ըսել, թէ մշակուած պետական քաղաքականութիւն կայ, բայց որոշակի միտումներ կան:  Հայրենադարձութեան մասին օրէնքի նախագիծ կայ, որ պէտք է դրուի քննարկման, մենք ալ ըսելիք ունեցած ենք այս նախագիծին վերաբերեալ:

Յիշեցէք` իրաքահայերը երբ Հայաստան եկան,  ինչպիսի՞ վիճակ էր… այսօր առաջընթաց կայ  ե՛ւ պետութեան, ե՛ւ հասարակութեան կողմէ:  Հասարակութեան դերն ալ մի՛ մոռնաք. այսօր Հայաստանի հասարակութիւնն ալ արդէն պատրաստ է ընդունելու, միասին ապրելու դուրսի հայերուն հետ, բան մը, որ առաջ աւելի ցաւոտ էր: Հասարակութիւնը հասկցած է, կամ  հասկնալու ճանապարհին է, որ դուրսի մարդիկ հարստութիւն են իրենց գիտելիքներով, փորձով, ներդրումներով, եւ որքան շատ գան, այնքան այդ մէկը կ՛ազդէ  կեանքի որակի, պիզնըսի, մշակոյթի եւ այլնի վրայ: Գուցէ արտագաղթի դանդաղեցում ալ ըլլայ այս պարագային, որովհետեւ եթէ  գան մարդիկ եւ ստեղծուի աշխատանքի,  գործելու   այլընտրանք, ապա գուցէեւ տեղ մը այդ մէկը նպաստէ արտագաղթի նուազեցման:

Հ.- Դուք ալ երեք տարի առաջ Հայաստան տեղափոխուած. իսկ ձեր օրինակին մասին ի՞նչ կ՛ըսէք:

Վ. Մ.- Ես տեղափոխուած եմ մէկ պարզ պատճառով` կ՛ուզեմ ապրիլ Հայաստանի մէջ:  Կ՛ուզէի, որ իմ երեխաս մեծնայ հայկական  միջավայրի մէջ: Երբ եկանք, մէկ հատ էր, ետքը  Հայաստանի մէջ ծնաւ  նաեւ երկրորդը: Ես  ծնած եմ Հայաստան, հինգ տարեկանէս Մոսկուա տեղափոխուած ենք, սակայն իմ ձգտումս` Հայաստան գալու, միշտ եղած է: Երկրորդը` ես եկած եմ կեանքի ուրիշ որակի մը համար, որ գտած եմ Հայաստանի մէջ: Մեծ քաղաքներու մէջ ապրող մարդիկ կը հասկնան իմ ըսածս: Մենք մեծ քաղաքներու մէջ ապրելով`  ոչինչի ժամանակ ունինք, կեանքը կարծես կ՛անցնի մեր քովէն, իսկ մենք ինքնաշարժ կը վարենք եւ կը շտապենք աշխատանքի` աւելի մեծ գումարներ վաստակելու համար: Ի հարկէ հոս եւ հոն վաստակած գումարները համեմատելի չեն, սակայն չկային այն ջերմ շփումները, որոնք կան այստեղ` ե՛ւ երեխաներու  ե՛ւ ընկերներու հետ շփուելու  առումով: Երեխաներու հայ մնալու համար Հայաստանը լաւագոյն վայրն է, ես չեմ գիտեր, թէ Մոսկուա մնալով` իմ զաւակս ի՛նչ կը դառնար. կը ձուլուէ՞ր, կը մնա՞ր իբրեւ հայ…  Իսկ հոս, համոզուած եմ, որ ինք ինձմէ աւելի լաւ հայերէն պիտի  խօսի: Նոյնը նաեւ միւս եկողներուն երեխաները` հայերէն կը սորվին եւ  բան մըն ալ աւելին, նոյնիսկ ռուսերէն կը սորվին:

Եւ ի վերջոյ, դուրսի հայերը Հայաստանի մէջ կը գտնեն ապահովութիւն:

Հայաստանը մեծ հնարաւորութիւն  կու տայ`  ապրելու կեանքդ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES