Միջազգային Կարճ Լուրեր

Ճոն Պերտ

Ճոն Պերտ

ՔԱՆԱՏԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պերտ յայտնեց, որ իր ղեկավարած «նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի յանձնախումբին ներկայացուց նախնական դիմում մը` հարուստ ընդերքով Հիւսիսային բեւեռին մէջ (Քանատայի) սահմանի ընդլայնման համար»: Ան Օթաուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց, որ «վճռակամ ենք ապահովելու, որ իւրաքանչիւր քանատացի օգտուի Քանատայի ծայրագոյն հիւսիսը գտնուող հսկայական ընդերքէն»: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին հրամայեց Հիւսիսային բեւեռին մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութիւնը ամրապնդելու:

ԾՈՑԻ համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ Զայանի Քուէյթի մէջ տեղի ունեցած խորհուրդի վեհաժողովէն առաջ յայտնեց, որ «խորհուրդի անդամ պետութեանց Իրանէն միակ յուսացածը հաստատումն է արդիւնաւէտ գործակցութեան յարաբերութիւններու, որոնք հիմնուած են բարի դրացնութեան եւ ուրիշներու ներքին գործերուն միջամտութեան բացառման վրայ»: Ան կոչ ուղղեց «լուծելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները, որոնց շարքին է էմիրաթական կղզիներու իրանեան բռնագրաւումը»:

ԹՐՔԱԿԱՆ «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քոնիայի ապահովութեան տնօրինութիւնը յայտնած է, որ թրքական ապահովութեան ուժերը կեդրոնական Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են երեք անձեր` Քայիտայի հետ կապեր ունենալնուն համար: Ապահովական ուժերը նշեալ երեք անձերուն Քայիտայի հետ կապ ունենալնուն մասին գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններ ստացած է, ուստի անոնց բնակարանը ներխուժելով յաջողած է ձերբակալել զանոնք: «Ճիհան» նշեց, որ ապահովական ուժերը նաեւ գրաւած են 250 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթեր, զորս «ահաբեկիչները» կը մտադրէին պատրաստել, ապա Սուրիա ուղարկել:

Share this Article
CATEGORIES