Ըստ Հարցախոյզի Մը. Պաղեստինցիներուն 60 Առ Հարիւրը Երրորդ Ինթիֆատա Մը Կարելի Կը Նկատեն
Արաբական աշխարհի հետազօտութեանց եւ բարգաւաճման հիմնարկի` Պաղեստինի մէջ կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ պաղեստինցիներուն 54 առ հարիւրը կը զօրակցի Իսրայէլի հետ բանակցութեանց ներկայ փուլին, 42 առ հարիւրը դէմ է, իսկ 5 առ հարիւրը չէ կողմնորոշուած: Սակայն հարցախոյզին մասնակիցներուն 34 առ հարիւրը բանակցութեանց արդիւնքներուն նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց, իսկ 54 առ հարիւրը` յոռետեսութիւն: Հարցախոյզը նաեւ ցոյց տուաւ, որ նշեալ բանակցութեանց նկատմամբ Այսրյորդանանի մէջ զօրակցութեան համեմատութիւնը 55 առ հարիւր է, իսկ Կազայի մէջ` 51 առ հարիւր: Այսրյորդանանի բնակիչներուն 37 առ հարիւրը նաեւ լաւատես է այդ բանակցութեանց նկատմամբ, իսկ այդ համեմատութիւնը Կազայի մէջ 30 առ հարիւր է:
Օսլոյի համաձայնագիրէն քսան տարի ետք հարցախոյզին մասնակիցներուն 35 առ հարիւրը այժմ իրենք զիրենք պաղեստինեան պետութեան երազի իրականացման աւելի մօտ նկատեցին, իսկ 57 առ հարիւրը` աւելի հեռու: Հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Այսրյորդանանի բնակիչները այս հարցով աւելի լաւատես են (38 առ հարիւր), քան Կազայի բնակիչները (30 առ հարիւր):
Հակառակ յոռետեսութեան, հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ պաղեստինցիներուն 52 առ հարիւրը կ՛աջակցին երկու պետութիւններու լուծումին, ինչ որ անցեալ տարուան արդիւնքներէն 7 կէտով աւելի է: Այսրյորդանանի մէջ այդ լուծումին զօրակցողներուն թիւը 44 առ հարիւրէն բարձրացած է 56 առ հարիւրի, իսկ Կազայի մէջ այդ համեմատութիւնը մնացած է 50 առ հարիւրի վրայ:
Պաղեստինցիներուն 58 առ հարիւրը կը զօրակցին Պաղեստինի ազատագրութեան եւ անկախ պետութեան հաստատման համար խաղաղ միջոցառումներու կիրարկման:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը կը նախատեսէ, որ մօտիկ ապագային երրորդ ինթիֆատա մը ծագի, սակայն անոնց 66 առ հարիւրը ատոր ծագման դէմ է, ինչպէս նաեւ 60 առ հարիւրը կը նշէ, որ մտադիր չէ ինթիֆատային մասնակցելու:
Ինչ կը վերաբերի ներպաղեստինեան կացութեան, Կազայի մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 65 առ հարիւրը նշեց, որ հասարակութիւնը սխալ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, իսկ Այսրյորդանանի մէջ այդ համեմատութիւնը 52 առ հարիւր էր:
Հարցախոյզը կատարուած է 20-22 հոկտեմբեր 2013-ին:

