Թուրքիոյ Մէջ Նախկին Զինուորականներ Կը Դատուին Քսան Տարի Առաջ Վեց Քիւրտեր Չարչարելնուն Համար
Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Շըրնաքի մէջ ընթացք առած է նախկին վեց զինուորականներու, ներառեալ` զօրավարի մը, 1993-ին վեց քիւրտ գիւղացիներ չարչարելէ ետք անոնց դիակները պահելու ամբաստանութեամբ դատավարութիւնը:
Զինուորականները այն կասկածը ունեցած են, որ Կիւրմիւլիւ գիւղի վեց բնակիչները ՔԱԿ-ի զինեալներուն կ՛օժանդակեն:
Ցկեանս բանտարկութեան վճիռի հաւանականութիւնը դիմագրաւող ամբաստանեալներէն ոչ մէկը ներկայ գտնուած է դատավարութեան առաջին նիստին: Դատաւորները որոշած են դատավարութեան յառաջիկայ նիստերը ապահովական մտավախութիւններէ մեկնած Անգարա փոխադրել: Անգարայի մէջ տեղի ունենալիք երկրորդ նիստին թուականը չէ ճշդուած:
Զոհերուն ընտանեկան պարագաները եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնները ողջունած են օրին շրջանին մէջ թրքական ուժերու հրամանատար զօր. Միթի Սիարի եւ անոր հրամանատարութեան տակ գտնուող հինգ զինուորներուն դատավարութեան ընթացք առնելը եւ այս երեւոյթը այդ ժամանակաշրջանին զինուորական պատասխանատուներու անպատժելիութեան վերջը նկատած են:

