Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ «Ալեքսա»-ի Մանրամասնութիւններուն

Նախագահ Սլէյման եւ Սաֆատի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հետեւեցաւ Լիբանանը հարուածող «Ալեքսա» ձիւնամրրիկին մանրամասնութիւններուն: Այս շրջագիծին մէջ ան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ զանազան նախարարութիւններու ու տնօրէնութիւններու հետ եւ անոնց թելադրեց ամէն ջանք ի գործ դնել` հոգալու լիբանանցիներուն կարիքները:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այն խոչընդոտները, որոնց պատճառով կոյուղիները մաքրելու աշխատանքը չէր տարուած, ինչ որ պատճառած էր ողողումներ ու նիւթական հսկայական վնասներ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որուն հետ քննարկեց երկրին ուսումնական եւ համալսարանական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիացի ուսանողներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպ, Ֆատի Հապըր, Հանրի Հըլու եւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերը, որուն հետ քննարկեց շուրայի աշխատանքները: