Լիբանանը Հարուածող «Ալեքսա» Ձիւնամրրիկը Տարբեր Գեղեցկութեամբ Մը Օժտեց Լիբանանը
Թէեւ երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները հիասթափուած էին Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկին ուժգնութենէն, սակայն երեկոյեան եւ ուշ գիշերին «Ալեքսա» կոչուող ձիւնամրրիկը սաստկացաւ եւ ցուրտը պատեց ամբողջ Լիբանանը:
Թէեւ ձիւնն ու սպիտակը տարբեր գեղեցկութեամբ մը օժտեցին Լիբանանը, սակայն նոյն ողբերգութիւնը պատճառեցին երկրին զանազան լքուած վայրերուն մէջ, ըլլայ ան մայրաքաղաքի, հիւսիսային, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ:
Աւելի՛ն. այս տարի կայ նաեւ այլ ցաւ մը, որ կը խրի լիբանանցիներուն սրտերուն մէջ, երբ անոնք մտածեն Պեքաայի, Աքքարի, Արսալի եւ այլ շրջաններու մէջ կայք հաստատած սուրիացի գաղթականներուն վրանաքաղաքներուն եւ սաստիկ այս ցուրտին ընթացքին անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին…
Պեքաայի, Պաալպեքի, Թարշիշ-Զահլէի, Մտայրեժ-Համմանայի, Տահր Պայտարի, Մաասեր Շուֆ-Քըֆրայայի, Պշարրէի, Էհտենի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Ռիհանի, Արքուպի եւ լեռնային այլ շրջաններու բոլոր ճամբաները փակուեցան ձիւնով:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ դրին բանալու գլխաւոր ճամբաներն ու մայրուղիները` պատուիրելով քաղաքացիներուն, որ այդ փողոցներէն անցնին միայն իրենց ինքնաշարժներուն անիւներուն շղթաներ անցընելու պարագային:
Ըստ Պէյրութի միջազգային օդակայանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան օդերեւութաբանական գրասենեակին, այսօր ձիւնամրրիկը պիտի շարունակուի եւ ջերմաստիճանը զգալի կերպով պիտի նուազի, ծովուն մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն պիտի տեղայ, իսկ ճամբաներուն սառցակալման հաւանականութիւնը մեծ է:
Կը նախատեսուի, որ «Ալեքսա» նոյն բարկութեամբ իր ընթացքը շարունակէ նաեւ այսօր` ծովուն մակերեսէն 500 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւն տարածելու գնով:
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց այլ շրջաբերական մը` փոխանցելու համար, թէ Լիբանանի մէջ շարունակուող ձիւնամրրիկին պատճառով եւ աշակերտներն ու ուսուցիչները փոթորիկին վտանգներէն պաշտպանելու նպատակով, պետական եւ սեփական դպրոցները այսօր` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2013-ին, պիտի մնան փակ:
Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար յայտնեց, որ իրենք յանձնառու պիտի մնան կրթութեան նախարարութեան որոշումին եւ փակ պիտի պահեն իրենց բոլոր դպրոցներուն դռները:
Ներքին ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն խնդրեցին, որ իրենց ինքնաշարժները զգուշութեամբ վարեն մրրիկին ընթացքին, ինչպէս նաեւ հետեւին ապահովութեան ուժերուն ցուցմունքներուն:
Անոնք շեշտեցին, որ եթէ դէպի լեռնային շրջանները ուղղուելու անմիջական կարիք չկայ, ապա նախընտրելի է մնալ բնակարաններուն մէջ:
Ապահովութեան ուժերը վերստին կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն, որ որեւէ կարիքի պարագային հեռաձայնեն 112 եւ 125 թիւերուն:

