ՀՅ Դաշնակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ Պիւտճէի Նախագիծին

Ardzvig111220132014 թուականի պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ երէկ խօսք առաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ պիւտճէի նախագիծին եւ թուարկեց Դաշնակցութեան կողմէ կառավարութեան ներկայացուած բոլոր այն առաջարկները, որոնք մերժուած են առանց հիմնաւորման եւ տրամաբանութեան: Ան նշեց, որ քանի տակաւին Հայաստանի տնտեսութիւնը հիմնուած է անվստահելի գործողութիւններու վրայ, որոնք չեն ստեղծեր նոր արժէքներ, սուտ եւ կեղծ է ակնկալել, որ պիտի բարելաւուի իրավիճակը:

Ըստ պատգամաւորին, յաջորդ տարի 28 առ հարիւրով պիտի նուազի ներդրումներու ծաւալը, ինչ որ կը խօսի կառավարութեան նկատմամբ անվստահութեան մասին: Հետեւաբար, ըստ պատգամաւորին, քաղաքացիները չեն կրնար մասնաւոր հիմնադրամներուն վստահիլ իրենց պարտադիր կուտակային մասնահատումները: «Դուք պատրաստ չէք թուլացնելու փոքր եւ միջին պիզնեսին նկատմամբ ճնշումները, դուք կը խեղդէք զանոնք հարկերով», ըսաւ պատգամաւորը:

 

Share this Article
CATEGORIES