«Վատ Չէր Ըլլար, Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Հայաստան – Թուրքիա Ճամբու Քարտէս Ըլլար» Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան
Երէկ մամլոյ «Ուրբաթ» ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ոչինչ կարելի է սպասել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Հայաստան կատարելիք այցելութենէն: Ան պարզաբանեց, որ այս այցելութիւնը իրականութեան մէջ ոչ թէ Երեւան այցելութիւն է, այլ պարզապէս Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ժողովին մասնակցութիւն:
Թուրքիան, ըստ Մանոյեանի, բաւական յաջող ձեւով, որոշ չափով նաեւ հայկական լրատուամիջոցներու «մեղսակցութեամբ» յաջողեցաւ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ ասիկա, կարծես, Երեւան պաշտօնական այցելութիւն պիտի ըլլայ, եւ որոշ բան պէտք է ակնկալել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ:
«Թուրքիա այս ընթացքին իր կեցուածքը չէ փոխած, ասկէ առաջ ալ: Եթէ անպայման հանդիպման անհրաժեշտութիւն պիտի ըլլար, կար կարելիութիւն, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում ըլլար: Ատիկա չէ էղած», ըսաւ ան` նշելով, որ մենք այսպիսի ապատեղեկատուութիւն պիտի շարունակենք տեսնել առնուազն մինչեւ 2015 թուականը, որովհետեւ Թուրքիա կ՛ուզէ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ որոշ հոլովոյթ կայ Հայաստանի եւ հայութեան հետ: Ըստ Մանոյեանի, առնուազն Հայաստանի հետ նման հոլովոյթ չկայ, հայութեան հետ ալ այսպիսի հոլովոյթ չկայ, բայց ոմանք կրնան հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող որոշ քայլեր մեկնաբանել իբրեւ այդպիսին:
Ան նաեւ նշեց, որ թէեւ թրքական մամուլին մէջ շատ կը շրջանառուին արցախեան ազատագրուած տարածքներուն վերաբերող հարցերը, սակայն կարելի չէ անոնց հետ լուրջ վերաբերիլ ճիշդ այն պատճառով, որ գրուած են թրքական մամուլին մէջ. անոնք աւելի շուտ սադրանք եւ ապատեղեկատուութիւն են:
Թէ Տաւութօղլուն որո՞ւն ձեռքը պիտի սեղմէ Հայաստանի մէջ եւ ո՞վ պիտի դիմաւորէ զայն, ըստ Մանոյեանի, որքան տեղեակ է, երկկողմանի հանդիպումներ նախատեսուած չեն Հայաստանի ներկայացուցիչներու հետ, անոր համար ալ որուն ձեռքը կ՛ուզէ, թող սեղմէ:
Հայկական մամուլին մէջ որոշ ճամբու քարտէսի մասին լուրերու առնչութեամբ ալ ան նշեց, թէ ատիկա ալ «Առաւօտ»-ի հնարքն էր` փորձել ընել այն, ինչ որ թուրքերը կը փորձեն իրենց մամուլին մէջ ընել, ինչ որ, սակայն, պաշտօնապէս հերքուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: Այսպիսի ճամբու քարտէսը, շեշտեց Կիրօ Մանոյեան, ամէն պարագայի վատ պիտի չ՛ըլլայ: «Այսինքն` Հայաստան ըսած ըլլայ Թուրքիոյ` նախ Ցեղասպանութիւնը ճանչցի՛ր, յարաբերութիւններ հաստատէ՛, շրջափակումը հանէ՛, վերջաւորութեան ալ եկո՛ւր, նստէ՛, տեսնենք` ինչ կրնաս ընել Ղարաբաղի գծով` զսպելու համար Ազրպէյճանը», պարզաբանեց ան:
«Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է առաւելագոյնը շատ` սկսեալ մեր հասարակութենէն մինչեւ միջազգային համայնքը, յիշեցնէ, որ ոչ մէկ հոլովոյթ կայ, Թուրքիան սառեցուցած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հոլովոյթը», յայտնեց Կիրօ Մանոյեան: Թուրքիոյ պահուածքն ալ, ըստ անոր, բաւարար հիմք է, որպէսզի Հայաստան իր ստորագրութիւնը յետս կոչէ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն ու միանգամընդմիշտ ազատի անոնցմէ եւ Թուրքիոյ որեւէ լծակ տալէն, որովհետեւ Թուրքիա այդ արձանագրութիւններու լծակը կ՛օգտագործէ, որպէսզի Հայաստանի առջեւ նախապայմաններ դնէ:
«Իրականութեան մէջ` Թուրքիա այսօր ցանկութիւն չունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, պարզապէս ցանկութիւն ունի տպաւորութիւն ստեղծելու, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու որոշ հոլովոյթ կայ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Մանոյեան նաեւ նշեց, որ անկէ ետք կարելի է բանակցութիւններու սեղանին դնել նախագիծ, ուր իսկապէս առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու առաջարկ պիտի ըլլայ երեք պարբերութեամբ: «Ըսել, որ երկու պետութիւնները որոշած են հաստատել դիւանագիտական յարաբերութիւններ, երկու պետութիւնները որոշած են ցամաքային հաղորդակցութիւնը բանալ ու սերտացնել այդ հաղորդակցութեան կապերը, եւ երկու պետութիւնները որոշած են իրենց միջեւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծել միջազգային իրաւունքի համաձայն, խաղաղօրէն, միջազգային չափանիշերու հիմքերով», ներկայացուց Կիրօ Մանոյեան:
Կիրօ Մանոյեան եզրափակեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին` Երեւան ժամանելու օրը ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը բողոքի ցոյց պիտի կազմակերպէ:

