«Էն. Պի. Էյ.». Փէյսըրզ Յաղթեց Հիթի. Քոպի Դարձեալ Պարտուեցաւ

match-nba«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան ութ մրցումներ:

Ինտիանա Փէյսըրզ արձանագրեց տարեշրջանի իր 19-րդ յաղթանակը` 90-84 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը: Այսպիսով, Հիթ, որ արձանագրած է առաւելագոյն յաղթանակը, կրած է նուազագոյն պարտութիւնը (3):

Քոպի Պրայընթի կազմը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, կրեց տարեշրջանի իր 11-րդ պարտութիւնը` այս անգամ Ֆէոնիքս Սանզէն` 114-108 արդիւնքով:

Պրայընթ, որ ապաքինելով իր ստացած վնասուածքէն նոր վերադարձաւ պասքեթպոլի դաշտերը, թէեւ յաջողեցաւ նշանակել 20 կէտ, սակայն անոր կազմը չկրցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը: Կորան Տրակիչ (Սանզ) նշանակեց 31 կէտ:

Երէկուան մրցումներուն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քլիվլենտ Քաւալիրզի մարզիկ Քիրի Ըրվինկ (37): Քարմելօ Անթոնի (Նիքս) նշանակեց 29 կէտ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Նիւ Եորք Նիքս 109-94
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մայեմի Հիթ 90-84
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 116-103
Օքլահոմա Սիթի – Աթլանթա Հոքս 101-92
Պրուքլին Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս 104-96
Մինեսոթա Վուլվզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 121-94
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ 78-74
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 114-108

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

Շարլոթ Հոռնեթց – Օրլանտօ Մեճիք
Պոսթըն Սելթիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օքլահոմա Սիթի
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Նիւ Օրլինզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տալաս Մավըրիքս

 

Share this Article
CATEGORIES