«Չեմփիընզ Լիկ». 1-16-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը` 16 Դեկտեմբերին
Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին, զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Այս առնչութեամբ ArmSport.am կայքէջը կը յայտնէ, որ այս վիճակաձգութիւնը պիտի սկսի ժամը 15:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:
Նաք-աութի դրութեամբ շարունակուող այս մրցաշարքին երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 18, 19, 25 եւ 26 փետրուար 2014-ին, իսկ դարձի մրցումները` 11, 12, 18 եւ 19 մարտին:
CATEGORIES Մարզական

