Էմիր Սպայիչ Երեք Մրցումով Կախակայուեցաւ
Իր լուրը քաղելով գերմանական reviersport.de կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեք մրցումով կախակայեց Պայէր Լեւերքուզընի մաս կազմող պոսնիացի յետսապահ Էմիր Սպայիչը:
Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունեցած «Պունտըսլիկա»-ի այս մրցումին 80-րդ վայրկեանին Սրայիչ քիչ մը կարծր խաղարկութիւն ունեցած էր Ռոպերթ Լեւանտովսքիի նկատմամբ, ապա ան բախում ունեցած էր Հենրիխ Մխիթարեանի հետ:
Այս միջադէպէն ետք օրուան կեդրոնի իրաւարարը կարմիր քարտ մը տուած էր Լեւերքուզընի մարզիկին:
CATEGORIES Մարզական

