Գասպարով Պայմանագիր Մը Ստորագրեց Միքայի Հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային բերդապահ Գէորգ Գասպարով պայմանագիր մը ստորագրեց Միքայի հետ, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելոյթ ունեցող Միքայի պաշտօնական կայքէջը:
33 տարեկան Գասպարով մինչեւ իրանեան Զոպ Ահան տեղափոխուիլը հանդէս կու գար Միքայի հետ:
Սակայն նախորդ տարեվերջին ան սկզբնական շրջանին փոխ տրուեցաւ իրանեան կազմին, որմէ ետք պաշտօնապէս ստորագրեց անոր տոմարներուն վրայ:
Այսպիսով, Գէորգ Գասպարով մինչեւ 1 օգոստոս 2014 մաս պիտի կազմէ Միքայի, եզրափակեց ArmSport.am կայքէջը:
CATEGORIES Մարզական

