Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

9460Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը (4-3 արդիւնքով)` այս անգամ իրեն զոհ դարձնելով Սէուտական Արաբիան:

Քամել Էլիաս հեթրիք մը իրագործեց, մինչ վերջին կոլը նշանակեց Քարիմ Ապու Զէյտ:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Լիբանան աւելի ամրապնդեց պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 9 կէտ:

Այսօր` հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Քուէյթի դէմ: Յաղթանակ կամ նոյնիսկ հաւասարութիւն մը արձանագրելու պարագային, Լիբանան Արեւմտեան Ասիոյ այս ախոյեանութիւնը պիտի աւարտէ պարագլուխի դիրքին վրայ` նկատի ունենալով, որ իր ետին գտնուող նոյնինքն Քուէյթ ապահոված է 7 կէտ:

Ստորեւ` դասաւորումը.

  ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Լիբանան 3 9
2.- Քուէյթ 3 7
3.- Իրաք 3 4
4.- Սէուտական Արաբիա 4 1
5.- Քաթար 3 1

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )