Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բախտ փորձելը երբեմն յանցանք կամ մեղք չէ: Այսօր կրնաք ձեր բախտը փորձել դրամ շահելու համար, վիճակահանութեամբ կամ պարզապէս թեթեւ բախտախաղով մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վստահութիւն ունեցէք ձեր անձին վրայ: Ասիկա առաջին քայլն է յաջողութեան: Օրը ունի բախտաբեր պահեր, մի՛ յուսալքուիք, այլ շարժեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հպարտ եղէք եւ ինքնավստահ, քանի որ պիտի կարենաք իրագործել ձեր որոշած ծրագիրը ամենայն յաջողութեամբ: Մի՛ վհատիք, այլ շարժեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս իրիկուն ձեր բարեկամները տօնական հանդիպում մը կազմակերպած են, պիտի հրաւիրուիք, մի՛ մերժէք, ներկայ եղէք, կ՛ուրախանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի կամ այլ հարցի վերաբերեալ ինչ որ ծրագրած էք, կատարեցէք, եթէ նոյնիսկ քիչ մը դժուար ըլլայ. կ՛արժէ կատարել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տեղափոխութեան մը կամ ճամբորդութեան հարցի մը համար մտահոգուած էք, բայց ամէն ինչ դիւրութեամբ պիտի ընթանայ, հեզասահ ձեւով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կշիռքներուն բախտի օրն է այս. այսուհանդերձ, ուշադիր եղէք բոլոր պատեհութիւններու կամ առիթներու համար, զգուշութիւնը իմաստութիւն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բարեսէր էք, շատ կու տաք ուրիշներու, բայց քիչ մըն ալ մտածեցէք ձեր մասին. «Բժիշկ, բժշկեա զանձն քո», կ՛ըսէ իմաստութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ ալ ըլլան պարագաները, ջանացէք դուք ձեզ ներկայացնել կամ երեւնալու ջանք ըրէք: Այս ալ կարեւոր է այսօրուան համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ սիրոյ արտայայտութիւն մը կամ յայտարարութիւն մը կ՛ուզէք կատարել, այսօր լաւագոյն օրն է այդ ընելու: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անցեալին պատահած հարցերու մասին մի՛ ցաւիք, այլ քալեցէք դէպի առաջ, մոռցէք նման բաներ եւ ներողամիտ եղէք կատարուած սխալին համար:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Յոգնած կը թուիք ըլլալ, քիչ մըն ալ` ձանձրացած. կ՛ուզէք ապաստանիլ խաղաղ անկիւն մը եւ ապահով զգալ: Կատարեցէք ձեր այս փափաքը:

