50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1963)

Երեւանի Անցեալը

1880-ին Լոյս Տեսած Է
«Պսակ»-ի Առաջին Թիւը

Երեւանի մէջ հրատարակուած առաջին թերթը եղած է «Պսակ»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 1880 մարտ 15-ին: Թերթին հրատարակութիւնը որոշ ընդմիջումներով շարունակուած է մինչեւ 1884 ապրիլ 7:

«Պսակ»-ի հրատարակութիւնը կարեւոր իրադարձութիւն մըն էր Երեւանի համար:

Թերթին հրատարակիչ-խմբագիրն էր Վասակ Բաբաջանեան, որ այդ օրերուն կը մեղադրուէր ցարական կառավարութեան կողմէ իբրեւ հակառուս քաղաքականութեան հետեւող, քանի որ կը ջատագովէր եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր ազգային-ազատագրական շարժումին:

«Պսակ»-ի մէջ խիստ քննադատութիւններ եղած են քաղաքապետին եւ պատկան իշխանութեանց հասցէին` քաղաքը կառավարելու իրենց անճարակութեան պատճառով: Տեղ գտած են նաեւ պատմաբանասիրական յօդուածներ, գիտական զանազան տեղեկութիւններ, տոմսեր, գրախօսականներ:

1881 յուլիսին լոյս կը տեսնէ Երեւանի առաջին ամսաթերթը` «Առողջապահական թերթ»: Միամսեայ այդ հանդէսին կեանքը կը տեւէ մօտ երեքուկէս տարի` 1881 յուլիսէն մինչեւ 1884 դեկտեմբեր: Խմբագիր-հրատարակիչն էր տոքթ. Լեւոն Տիգրանեան:

«Պսակ»-ի փակումէն քանի մը ամիս ետք կը փակուի նաեւ «Առողջապահական թերթ»-ը: Ասիկա կը պատահի 1884-ի վերջերը, երբ ամսագրին խմբագիրը, ինչպէս նաեւ «Պսակ»-ի խմբագիրը եւ ուրիշ մտաւորականներ կ՛աքսորուին քաղաքէն:

Երեւանի պարբերական մամուլի պատմութեան մէջ կարեւոր դեր խաղացած է «Երեւանի յայտարարութիւններ» թերթիկը, որուն հրատարակիչ-խմբագիրն էր Էմին Տէր Գրիգորեան: Որոշ ընդմիջումներով թերթիկը, հայերէն, շաբաթը երեք անգամ, լոյս կը տեսնէ 1883-էն մինչեւ 1886 յունուար ամիսը:

Է. Տէր Գրիգորեան կառավարական պաշտօնեայ էր, այդ հանգամանքով ալ վստահելի մէկը` պետութեան աչքին: Այսուհանդերձ, թերթիկին հայերէն ըլլալու պարագան պատճառ կը դառնայ, որ ռուս կառավարութիւնը այս թերթն ալ փակել տայ:

Քսաներորդ դարուն սկիզբները Երեւանի մէջ յաջորդաբար կը սկսին լոյս տեսնել կարգ մը այլ թերթեր` ռուսերէն եւ հայերէն: «Հրազդան» (1908-1909), «Նոր Ձայն» (1911-1912), «Կռան», «Նոր Մամուլ», «Խօսք» (1883-1914):

Երեւանի մէջ առաջին տպարանը հիմնուած է 1874-ին, Զաքարիա Գէորգեանի կողմէ, որ սկիզբը մինակը կը կառավարէր այս տպարանը, իսկ ետքը, մէկ-երկու տարի անց, Էմին Տէր Գրիգորեանի հետ միասին:

Ի. դարու սկիզբները Երեւանի մէջ կը գործեն հինգ տպարաններ:

Թ. Յ.

 

Արուեստներ

Լիւսի Իշխանեանի Նուագահանդէսը

 

Երաժշտասէր ընտիր հասարակութիւն մը ուրբաթ օր ամբողջութեամբ լեցուցած էր Ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ը, ուր գիշերուան ժամը 9:00-ին ամերիկահայ ծանօթ դաշնակահարուհի Լիւսի Իշխանեան տուաւ իր նուագահանդէսը:

Նուագահանդէսը կը հովանաւորէր Պէյրութի ամերիկեան դեսպան Արմին Մայէր, որ ներկայ եղաւ իր կնոջ հետ: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Սարգիսեան, պետական երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Վարդգէս Շամլեան եւ բազմաթիւ այլ ծանօթ ազգայիններ ու օտարներ:

Լ. Իշխանեանի բեմին վրայ երեւումը ընդունուեցաւ ջերմ ծափահարութիւններով: Ան, յուզիչ վեհութեամբ մը, իր նուագահանդէսին սկսաւ` յայտագրէն դուրս նուագելով Պախ-Սիլսթիի «Օրկան փրելիւտ»-ը` ի յիշատակ Միացեալ Նահանգներու հանգուցեալ նախագահ Ճոն Էֆ. Քենետիի: Այնուհետեւ, ի նշան յարգանքի, պահուեցաւ մէկ վայրկեան լռութիւն:

Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասերու: Առաջին մասին մէջ յաջորդաբար նուագեց Սքարլաթի (երկու սոնաթներ), Մոցարթ (սոնաթ սի մաժէօր), Շուպերթ (էմփրոմթիւ), Շոփեն (նոքթիւրն եւ էթիւտ): Տէր ամուր թեքնիքի` Լ. Իշխանեան ինքնատիպ մեկնաբանը հանդիսացաւ հանճարեղ երաժիշտներուն, իր քնքուշ արտաքինին հետ հակապատկեր կազմող ուժգնութեամբ մը, որ անկասկած ներքին փոթորկումի մը արտայայտութիւնն է:

Յայտագրին երկրորդ մասը բացուեցաւ Արամ  Խաչատուրեանի «Պոէմ»-ով, որ տրուեցաւ նոյնքան յաջողութեամբ: Ալան Յովհաննէսի «Ֆանթեզի»-ն եղաւ հաճելի անակնկալ մը, իսկ Կոմիտասի հայ գեղջկական չորս պարերը հանդիսացան վկայութիւնը հայկական հոգիի մը, որ Նիւ Եորք ծնած Լիւսիի մէջ մնացած է անեղծ ու տիրապետող:

Չայքովսքիի «Տումքա»-էն ետք, վերջապէս Լիսթի «Հունգարական հագներգ»-ը, թիւ 2-ը, որ այնքան ծանօթ է, նոյնիսկ ժողովրդային շրջանակներու մէջ: Հոս Լ. Իշխանեանի ուժականութիւնը գտաւ իր լրիւ արտայայտութիւնը: Յստակ, ճշգրիտ եւ անսայթաք նուագ մը եղաւ իր փառապսակը` վերացնելով ունկնդիրները` մեծ դաշնակահար-երգահանի հանճարին ընդմէջէն:

Նուագահանդէսը վերջացած էր, բայց ժողովուրդը չէր ուզեր բաժնուիլ, մանաւանդ` Լիսթի թողած տպաւորութենէն ետք: Ու այսպէս, Լ. Իշխանեան ստիպուեցաւ, բուռն ծափահարութիւններու տարափին տակ, երեք անգամ բեմ գալ` նուագելու համար Սպենդիարեանի «Երեւանի էթիւտներ»-ը, Տէ Ֆալայի «Կրակի պար»-ը (սքանչելի) եւ Արամ Խաչատուրեանի «Քոնչերթօ»-էն մաս մը:

Այնուհետեւ, ամերիկեան դեսպանը, սրբազանը, պետական երեսփոխաններն ու բազմաթիւ ազգայիններ բեմ բարձրացան եւ ջերմապէս շնորհաւորեցին Լ. Իշխանեանը, որ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ տաղանդին մէկ արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ` ազգային հպարտութեան պահեր ստեղծելով:

Տ.

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )