Արուեստի Աշխարհէն. Գեղանկարներ, Զորս Պէտք Է Անձամբ Տեսնել

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՈՐՄԱԶԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՇԱՏ ԲԱՆ ԿԸ ԿՈՐՍՈՒԻ: «ՏԸ ՄԵՆԹԸԼ ՖԼՈՍ» ԿԱՅՔԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՈՒԹ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ ՏԵՍՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՑՈՒՑԱԴՐԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ` ԸՄԲՈՇԽՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՆՑ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՀՄԱՅՔԸ:

«Ցորենի Դաշտեր` Նոճիներով» (Վան Կոկ

Կ՛արժէ անձամբ տեսնել Վան Կոկի բոլոր գործերը: Անոր գեղանկարներուն թանձր եւ ոլորապտոյտ վրձնահարուածները կը ստեղծեն երեք տարաչափութեան խաբկանքը: Կը թուի, թէ «Ցորենի դաշտեր` նոճիներով» գեղանկարին մէջ ամպերը կը ծփան պաստառէն դուրս: Անիկա կը ցուցադրուի Նիւ Եորք Քաղաքին մէջ:

«Կիրակի Յետմիջօրէ Մը` Լա Կրան Ժաթ Կղզիին Մէջ» (Սորա

Երբ մօտէն դիտենք 213 սմ x 305 սմ չափով հսկայական այս գեղանկարը, զբօսայգին կը ձուլուի կէտերու ծովի մը մէջ` ի յայտ բերելով գեղանկարչական թեքնիք մը, որ կը կոչուի կէտապաշտութիւն: Գեղանկարը կը ցուցադրուի Շիքակոյի մէջ:

«Փարիզ` Փողոց, Անձրեւոտ Օր» (Կիւսթաւ Քէյպոթ)

Շիքակոյի մէջ կարելի է տեսնել նաեւ 275 սմ x 305 սմ մեծութեամբ հսկայական այս գեղանկարը, որ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ կը քալենք Փարիզի փողոցներուն մէջ:

«Ջրաշուշաններ» (Մոնէ)

Հրաշալին այն է, որ Մոնէ 250 գեղանկար գծած է իր «Ջրաշուշաններ»-ու շարքէն, եւ անոնք իրենց գոյներու ամբողջ հմայքով սփռուած են աշխարհի տարբեր կողմերը: Անոնցմէ ոմանք այնքա՛ն հսկայական են, որ կրնան գրաւել սենեակի մը ամբողջ պատը:

«Աշխարհիկ Հաճոյքներու Պարտէզը» (Հիրոնիմուս Պոշ)

Այնքա՛ն բազմաթիւ խորհրդանիշներ թաքցուած են 15-րդ դարու այս գեղանկարին մէջ, որ նոյնիսկ մասնագէտներ չեն կրնար վերծանել անոնց իմաստը: Կարգ մը տեսարաններ կը յիշեցնեն գեղանկարչութեան գերիրապաշտ ոճը, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ Պոշի գլուխ գործոցը իր ժամանակներէն 400 տարի առաջ էր: Պէտք է Մատրիտ երթալ` տեսնելու համար զայն:

«Գիշերուան Հսկումը» (Ռամպրանթ)

Ամսթերտամ պէտք է երթալ` տեսնելու համար Ռամպրանթի ամէնէն հռչակաւոր գործը, 366 սմ x 427 սմ մեծութեամբ ամէնէն հսկայական պաստառը` այս կայքին վրայ ներկայացուած շարքին մէջ: Թերեւս պէտք է աճապարել` տեսնելու համար զայն, որովհետեւ պաստառը երկու անգամ դաշունահարուած է եւ մէկ անգամ թթու թափուած է անոր վրայ: Ո՛վ գիտէ, թէ որքան պիտի գոյատեւէ...

Ամսթերտամ պէտք է երթալ` տեսնելու համար Ռամպրանթի ամէնէն հռչակաւոր գործը, 366 սմ x 427 սմ մեծութեամբ ամէնէն հսկայական պաստառը` այս կայքին վրայ ներկայացուած շարքին մէջ: Թերեւս պէտք է աճապարել` տեսնելու համար զայն, որովհետեւ պաստառը երկու անգամ դաշունահարուած է եւ մէկ անգամ թթու թափուած է անոր վրայ: Ո՛վ գիտէ, թէ որքան պիտի գոյատեւէ…

«Համբոյրը» (Կիւսթաւ Քլիմթ)

Կ՛արժէ աչքով տեսնել ոսկի թերթերով պատուած այս գեղանկարը, որուն ներշնչման աղբիւրը բիւզանդական ոսկեայ խճանկարներն են: Քլիմթ առաջին գեղանկարիչն է, որ ոսկեայ եւ արծաթեայ թերթեր գործած է: Արդիւնքը` անվերարտադրելի գեղեցկութիւն մը, որ կը ցուցադրուի Վիեննայի մէջ:

«Ազատութիւնը Կ՛առաջնորդէ Ժողովուրդը» (Էօժեն Տըլաքրուա)

«Չեմ կռուած երկրիս համար, գէթ կրնամ գծել անոր համար», ըսած է Տըլաքրուա եւ գծած է 1830-ի յեղափոխութիւնը: Ազատութիւնը մարմնաւորող կինը կը կրէ ֆրանսական եռագոյնը եւ զէնք մը: Թերեւս ծանօ՞թ կը թուի պատկերը: Միացեալ Նահանգներու ազատութեան արձանը կառուցուած է անոր օրինակով: Զայն կարելի է տեսնել Լանսի մէջ (Ֆրանսա):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )