Արուեստի Աշխարհէն. Սանթա Պարպարայի Մէջ Թաքցուած Գլուխ Գործոց Մը Եւ Շարք Մը Այլ Անակնկալներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՁԵՂՆԱՅԱՐԿԻ ՄԸ ՄԷՋ ԼՔՈՒԱԾ ԿԱՄ ՀՆԱՎԱՃԱՌՆԵՐՈՒ ՇՈՒԿԱՅ ՀԱՍԱԾ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԿԱՄ ՀՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՒՍԸ ԿՐՆԱՅ ՎԵՐԱԾՈՒԻԼ ԳԱՆՁԻ ԵՒ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ ԲԱԽՏԱՒՈՐ ՏԷՐԸ: ԲՈԼՈՐՍ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԼՍԵԼ ՆՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՓԱՅՓԱՅԵԼ ՆՄԱՆ ԵՐԱԶՆԵՐ… «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՍԱԿԱՅՆ ՄԻՇՏ ՉԷ, ՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐԳԵՒԱԾ ԵՆ:

Սանթա Պարպարան լողազգեստներով շրջագայող ուսանողներու, մեքսիքական ճաշեր սպասարկող ծովեզերեայ ճաշարաններու եւ յայտնապէս` վիպերգական ժամանակաշրջանի արուեստի գլուխ գործոցներու քաղաքն է:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթին համաձայն, ցարդ անծանօթ գեղանկար մը յայտնուած է Սանթա Պարպարայի մէջ, եւ հաւանական է, որ կը պատկանի Էօժեն Տըլաքրուայի,19-րդ դարու արուեստագէտ մը, որ ծանօթ է իր «Ազատութիւնը կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը» եւ «Սարտանափալուսի մահը» գեղանկարներով:

Խնդրոյ առարկայ գեղանկարը «Մարկոս Օրիլիոսի վերջին բառերը» իւղանկարն է, որ կը պատկերէ ստոյիկ փիլիսոփան` հիւանդկախ եւ դալկահար վիճակի մէջ, շրջապատուած` ընտանիքի անդամներով եւ հետեւորդներով:

«Մարկոս Օրիլիոսի վերջին բառերը». 63.5 սմ x 78.74 սմ չափով այս իւղանկարը կը պատկանի ֆրանսացի գեղանկարիչ Էօժեն Տըլաքրուայի:

«Մարկոս Օրիլիոսի վերջին բառերը». 63.5 սմ x 78.74 սմ չափով այս իւղանկարը կը պատկանի ֆրանսացի գեղանկարիչ Էօժեն Տըլաքրուայի:

Պաստառը մէկ տարբերակն է Տըլաքրուայի հռչակաւոր մէկ գեղանկարին, որ կը ցուցադրուի Լիոնի Գեղեցիկ արուեստներու թանգարանին մէջ: Նախապէս անիկա կը պատկանէր Վան Աշխ վան Վիչք հիմնադրամին: Վերջերս թանգարաններու մէջ աշխատող մասնագէտ Էյիք Քահն յայտնաբերած է թաքուն պահուած գոհարը եւ զայն ուղարկած է Սանթա Պարպարայի արուեստի թանգարանը: Սակայն  գեղանկարը ինչպէ՞ս աննկատ մնացած է մինչեւ այսօր:

«Պաստառը անստորագիր է, ինչ որ արտասովոր չէ Տըլաքրուայի համար,- կը բացատրէ Քահն:- Արուեստագէտը իր նախասիրած եւ փայփայած գեղանկարները կը պահէր իր արուեստանոցին մէջ, որպէսզի ապագային զանոնք օգտագործէր իբրեւ աղբիւր կամ բարեկամներու տար իբրեւ նուէր»:

Քահն վստահ է գեղանկարին պատկանելիութեան, այնքա՛ն, որ զայն անվարան ներառած է Սանթա Պարպարայի թանգարանին կազմակերպած Տըլաքրուայի ցուցահանդէսին մէջ: «Տըլաքրուա եւ աւարտելու հարցը» վերնագիրով ցուցահանդէսին նպատակն է «աւարտելու» իմաստը քննել տարբեր դիտանկիւններէ:

Քահն հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր խանդավառութիւնը` ի տես արուեստի այս տպաւորիչ յայտնաբերումին.

«Թանգարանի մը մէջ արուեստի գործերու պատասխանատուի մը համար կարելի չէ երեւակայել աւելի մեծ վարձատրութիւն, քան` այն հազուադէպ առիթը, երբ բոլորովին անծանօթ անձ մը կը հեռաձայնէ եւ կը նկարագրէ արուեստի հրաշալի գործ մը, որ ի յայտ կու գայ, թէ իրական է: Երբ առաջին անգամ տեսայ այս գեղանկարը, նախազգացում մը ունեցայ, թէ իրական էր: Որքան աւելի երկար ուսումնասիրեցի զայն, այնքան աւելի բարձր սկսայ գնահատել անոր վրձնահարուածներուն նուրբ եւ մանուածապատ բնոյթը, միաձուլուող երանգները: Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար արուեստի նման գործի մը հետ հանդիպումս կեանքիս մէջ: Շատ աւելի մեծ ուրախութիւն է զայն տեսնել իրական գործերու կողքին եւ անդրադառնալ, թէ անիկա որքա՛ն հաւասար է անոնց մակարդակին»:

Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ Տըլաքրուայի մասնագէտներ ի՛նչ պիտի մտածեն 19-րդ դարու այս գեղանկարին մասին:

Մինչ այդ կ՛արժէ ակնարկ մը նետել այս տարուան ամէնէն զգայացունց յայտնաբերումներուն վրայ:

Ձեղնայարկի Բուն

Հեմփշըրի մէջ (Անգլիա) Ճէյն Քորտըրի անունով կին մը թռչուն մը պատկերող այս գեղանկարը յայտնաբերած է իր տան ձեղնայարկին մէջ, երբ կը փորձէր դասաւորել հոն մթերուած իրերը եւ տեղ բանալ փականագործի մը վերանորոգութեան աշխատանքին համար: Ան գեղանկարին լուսանկարը ե-նամակով ուղարկած է աճուրդի Քրիսթի՛զ վաճառատուն, ուր «Սպիտակ բու»-ն վերագրուած է ռաֆայէլական գեղանկարիչներուն նախորդած արուեստագէտ Ուիլիըմ Ճէյմս Ուէպի: Արժէքը` 113,449 տոլար:

Կորսուած Տա Վինչին

Լէոնարտօ տա Վինչիի կորսուած մէկ գեղանկարը հաւանաբար ի յայտ եկած է Սկովտիոյ գիւղական մէկ շրջանին մէջ, ՄքԼարենս անունով ընտանիքի մը բնակարանէն: ՄքԼարենս ընտանիքը հաւաքածոյ պահող ընտանիք մը չէ: Սակայն գեղանկարին մէջ պատկերուած կերպարներուն ճակատը, ուսերը, ոտքին մատներն ու թաքուն տեղադրուած հիրիկը (իրիս), ինչպէս նաեւ «Վերջին ընթրիքը» գեղանկարին մէջ կերպարի մը հետ նմանութիւնները մտածել կու տան, թէ գեղանկարը կը պատկանի տա Վինչիի: Պաստառին հնութիւնը պիտի ստուգուի յառաջիկայ տարի: Եթէ փաստուի, թէ անիկա իրապէս 500 տարեկան է, ապա կարելի պիտի ըլլայ հաստատել, թէ անիկա տա Վինչիի գործն է, հետեւաբար կրնայ արժել աւելի քան 150 միլիոն տոլար:

Տալի Մը` Կուտուիլի Մէջ

Անանուն անձ մը գերիրապաշտ արուեստի վարպետ Սալվատոր Տալիի ստորագրութիւնը կրող քերծանկար մը (էչինկ) նուիրած է Կուտուիլ կազմակերպութեան Ուաշինկթընի կեդրոնին, ուր արուեստի սիրահար պաշտօնեայ մը անմիջապէս զայն ճանչցած է իբրեւ Տալիի մէկ գործը: Այնուհետեւ գեղանկարը աճուրդի դրուած է համացանցի վրայ կազմակերպութեան հաստատած վաճառատան մէջ, ուր գնուած է 21 հազար տոլարի:

Վրիպակ

Այս մէկը արուեստի այն պատմութիւններէն է, որոնք յանկարծ զգայացունց կը դառնան անտեղի կերպով: Ռայնոլտ Հոֆման` 70 տարեկան հանգստեան կոչուած անձ մը եւրոպական լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը գրաւեց, երբ իր կողակիցը Տրեստընի հնավաճառներու մէկ շուկայէն 25 տոլարի գնեց դրոշմաթուղթերու գիրք մը, որուն մէջ նմուշ մը կը նմանէր 1 սենթ արժող 1867-ի դրոշմաթուղթի մը, որ կը պատկերէր Պենճըմին Ֆրենքլինը: Բրիտանիոյ Դրոշմաթուղթի մասնագէտներու միութիւնը անմիջապէս Հոֆմանի հաղորդեց տխուր լուրը. անիկա չէր պատկերեր Պենճըմին Ֆրենքլինը եւ սովորական դրոշմաթուղթ մըն էր:

Հնավաճառներու Շուկայէն

Բախտաւոր գերմանացի մը Գերմանիոյ մէջ հնավաճառներու շուկայէն չնչին գինով գնած է հազուագիւտ գանձ մը եւ Քեթըրըր Քունսթ աճուրդի վաճառատան խորհուրդին դիմելէ ետք ի յայտ բերած է, թէ 5 եւրոյի իր գնած գրքոյկը պատկերագիրք մըն է, որ կը պարունակէ գերմանացի տպաւորապաշտ Տի Պրուք գեղանկարիչներու շրջուն մէկ ցուցահանդէսին գործերը: 1912-ին տպուած պատկերագիրքը կ՛արժէ 23,400 տոլար:

Ձրի Պոլոթովսքին

Պեթ Ֆիպեք տեղեակ չէր Նորթ Քարոլայնայի մէջ Կուտուիլի մէկ մասնաճիւղէն իր գնած գեղանկարին հռչակաւոր ծագումին: Իրօք, ան կատուներու դիմանկարներ գծող արուեստագէտ մըն էր, որ պարզապէս 9.99 տոլարի գնած էր գործածուած պաստառ մը` անոր վրայ դարձեալ գծելու համար: Սակայն պաստառին թիկունքին դրոշմուած ստորագրութիւնը Կուկըլի մէջ փնտռելէ ետք ան անդրադարձած է, թէ գեղանկարը կը պատկանէր Իլիա Պոլոթովսքիի: Պեթ իր յայտնաբերած վերացապաշտ գեղանկարը աճուրդի մը ընթացքին վաճառած է 27 հազար տոլարի:

Ռընուար Մը` Հնավաճառներու Քով

Կին մը հնավաճառներու շուկայէն անգիտակցաբար 7 տոլարի գնած է Փիեռ-Օկիւսթ Ռընուարի մէկ գործը: Սակայն նախանձելու պատճառ չունինք: «Ռընուարի աղջիկը», ինչպէս կինը ներկայացուած է լրատուամիջոցներու կողմէ, չէ յաջողած իր գտածոն` «Բնանկար` Սենի շուրջ» գեղանկարը վերածել հարստութեան աղբիւրի: Ի յայտ եկած է, թէ անիկա վեց տասնամեակ առաջ գողցուած է Պալթիմորի Արուեստի թանգարանէն:

Թաքցուած Քենետին

Փեմ Տուայըր Արիզոնայի մէջ անպէտ իրերու աճուրդէ մը գնած է ձիու մը գեղանկարը եւ,  հետաքրքրութենէ մղուած, զայն դուրս բերած է իր շրջանակէն` պարզապէս յայտնաբերելու համար, թէ անոր տակ թաքցուած է Ճոն Ֆ. Քենետիի մէկ դիմանկարը: Դիմանկարը գործն է տխրահռչակ կեղծող Քամելօ Սորաչի, 1961: Այժմ մասնագէտներ չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արժեւորեն գեղանկարը: Ոմանք կը մտածեն, թէ դիմանկարին պատմական նշանակութիւնը բաւարար է, որ անիկա ցուցադրուի Սմիթսոնիըն թանգարանին նման հաստատութեան մը մէջ:

Չսիրուած Գլուխ Գործոցը

Երբեմն գեղանկար մը պարզապէս չի խօսիր մեր սրտին, նոյնիսկ երբ «գլուխ գործոց» մըն է: Այս զգացումը ունեցած է սկովտիացի կին մը 1960-ական տարիներու սկիզբը, երբ իր ամուսինը տուն բերած է վարդեր պատկերող գեղանկար մը: Կինը այնքա՛ն չէ սիրած գեղանկարը, որ զայն դրած է անգործածելի իրերու սենեակի մը մէջ (լաւ դաս մը անոնց, որոնք անմիջապէս կ՛արհամարհեն նուէր մը): Վերջերս ստուգուած է, թէ խնդրոյ առարկայ «Վարդագոյն վարդեր» գեղանկարը կը պատկանի Սկովտիոյ ամէնէն ազդեցիկ արուեստագէտներէն Սամուէլ Փեփլոյի: Կլասկոյի ՄքԹիրզ աճուրդի վաճառատան համաձայն, անիկա կ՛արժէ 300 հազար սթերլին: Իսկ կնոջ ամուսինը որքա՞ն վճարած էր գեղանկարին համար. «Ո՛չ այնքան մեծ գումար մը, որ կը յիշուի այսօր», ինչպէս կ՛ըսէ անանուն վաճառողը` ամոլին զաւակը:

 

Share this Article
CATEGORIES